Պօղոս Զ Քահանայապետը Պօղոս Զ Քահանայապետը 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ. Պօղոս Զ Պապը «մարտիրոս»

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջաբանը կրող «Պօղոս Զ. Քրիստոսի խորհուրդի վարդապետը» տիտղոսով հատորը ,որուն մէջ ամփոփուած են, Սուրբերու դատի ժողովի վերատեսուչ, Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին, Մոնթինի քահանայապետին մահուան տարեդարձին առթիւ, արտասանած քարոզները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի հրատարակչատունը, 18 յունուարին կը հրատարակէ «Պօղոս Զ. Քրիստոսի խորհուրդի վարդապետը» տիտղոսով հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են, Սուրբերու դատի ժողովի վերատեսուչ, Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին, Մոնթինի քահանայապետին մահուան տարեդարձին առթիւ, 2008էն մինչեւ 2014 տարիներուն, 6 օգոստոսին արտասանած քարոզները։ Հատորը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջաբանը եւ վերջաբանը՝ գերապայծառ Լէոնարտօ Սափիենցայի՝ քահանայապետական տան կառավարիչի տեղապահը։

Յառաջաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը կը յայտնէ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին, Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզներու շարքը հրապարակելու որոշումին համար, որ կը զուգադիպի Պօղոս Զ Պապին, «այս ցաւալի, ողբերգական, հոյակապ երկրէն դէպի Հօր տունը տարանցման տարեդարձին» գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, ուրախ է նաեւ, որ կարդինալ Սեմերարոն, սոյն հատորը որոշած է պատրաստել 2023 թուականին, մինչ կը յիշատակուէր Ճովաննի Պաթիսթա Մոնթինինի Սուրբ Պետրոսին գահին բարձրանալու վաթսուներորդ ամեակը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ, որ Պօղոս Զ Պապին վարդապետութեան մէջ ստէպ կրկնուած է Եկեղեցին սիրելու յորդորը, զայն համարելով հայելի՝ ուր կարելի Քրիստոսը տեսնել, վայր՝ ուր կարելի է Քրիստոսի հանդիպիլ։

«Քրիստոսի հանդէպ այս եզակի եւ բացարձակ սէրն է« որ կարդինալ Սեմերաոն նպատակ ունի ընդգծել իր քարոզներով, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան խորհուրդի շրջանակէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, որ Պօղոս Զ Քրիստոսի պայծառակերպութեան խորհրդածողը, քարոզիչն ու վկան է յիշեցնելով որ կ՝ըսուի թէ Մոնթինի Պապը կ՝ուզէր այդ աւետարանական տեսարանին մէջ մտնել, որպէս Քրիստոսի կողմէ ընտրուած երեք առաքելներուն ընկերը ու ինք ուրախ է այս խորհրդածութիւններուն հրապարակումին համար, որովհետեւ սուրբ Պօղոս Զ տիպարը իրեն համար միշտ գրաւիչ եղած է։

Անդրադառնալով ապա գիրքի վերնագիրին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ այս հաւաքածոյին համար ընտրուած վերնագիրը կը պարունակէ Տոմենիքեան մեծ աստուածաբան Marie-Joseph Le Guillou արտայատութիւններէն մէկը, որ գրած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի՝ մարգարէական, հոգեւոր, վարդապեատկան, միսիոնարական մեծութեան նուիրուած հատորին մէջ։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան հայրը գրեց է որ 2025 թուականին, յոբելինական տարուան ծիրէն ներս բոլորէն խնդրած է, որ նախապատրաստուին ձեռք ձգելով Վատիկանենան Տիեզերական ժողովի հիմնական յօդուածներ։

Խօսքը կեդրոնացնելով Տիեզերական Բ ժողովին վրայ Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ Guillou աստուածաբանը իր գիրքին մէջ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովը նկարագրած է, որպէս Քրիստոսի դէմքին խորհրդածութեան գործողութիւն ու այս լոյսին ներքոյ նշեց Սրբազան Հայրը Վատիկանենան Տիեզերական ժողովը պէտք է վեր ընթերցուի՝ ուսումնասիրուած, խորացուած եւ իրականացուած կերպով։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց որ Լիթուանիոյ Վիլնիուս քաղաքին մէջ Յիսուսեան վարդապետի մը հանիպումին ընթացքի վարդապետը իրմէ խնդրած թէ ինչպէս կրնայ օգտակար դառնալ ու ինք է պատասխանած է յիշելով պատմականներուն այն խօսքը, որ Տիեզերական ժողովի իրականացման համար անհրաժեշտ է որ 100 տարի անցնին ու ապա վարդապետէն խնդրած որ ամէն ձեւով աշխատի եկեղեցւոյ մէջ Տիզերական ժողովը յառաջ տանելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը աւարտեց հրաւիրելով խորհրդածել Քրիստոսի դէմքին մասին յիշելով նաեւ«Evangelii gaudium» առաքելական յորդորագիրին մէջ իր խօսքը, որ իւրաքանչիւր քարոզիչ Խօսքին հայեցողական է, նաեւ Ժողովուրդին հայեցողականը ինչպէս նաեւ Սինոդասական եկեղեցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 16:00