Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած Կիրակի. Վերադառնանք ակունքին` աշխարհին առաջարկելու համար Աւետարանին կենդանի ջուրը

«Աստուծոյ Խօսքը մեր մէջ կը հրահրէ Յիսուսին կոչումը ... ինչպէս պատահեցաւ առաջին աշակերտներուն, որոնք թողուցին ուռկանները ու սկիզբ տուին նոր արկածախնդրութեան...Անիկա կը հրահրէ առաքելութիւն, մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ վկաներն ու պատգամաւորները աշխարհի մը մէջ, որ լի է բառերով, սակայն ծարաւն ունի այդ Խօսքին, զոր յաճախ չի ճանչնար...Եկեղեցին ալ կ՛ապրի այդ շարժականութիւնը, կոչուած է Քրիստոսէն, գրաւուած է Անորմով ու ուղարկուած է աշխարհ` Զինք վկայելու համար»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Կիրակի 21 Յունուար 2024ին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 30 Սեպտեմբեր 2019ին հաստատուած «Աստուծոյ Խօսքին հինգերորդ կիրակին», որուն բնաբանն է «Մնացէք իմ Խօսքիս մէջ» (Յովհ. 8,31) Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած խօսքը։

Օրուան առիթով Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին աշխարհական 11 այր մարդոց ու կիներու շնորհեց «ընթերցողութեան» եւ «կրօնուսոյցի» կարգերը, երկու հոգի ընթերցող եւ ինը կրօնուսոյց։ Թեկնածուները ժամանած էին Պրազիլէն, Պոլիվիայէն, Քորէայէն, Չատէն, Գերմանիայէն, Անթիլիական կղզիներէն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը, որ կը խօսէր Յիսուսի առաջին աշակերտներու կոչումի մասին, երբ Տէրը անոնց կ՛ըսէ. «Ետեւէս եկէք...»։ «եւ անոնք իրենց ուռկանները թողուցին ու Անոր ետեւէն գացին» (Մարկ. 1,17-18)։

Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը

«Աստուծոյ Խօսքին ուժը մեծ է» ըսաւ Քահանայապետը, «Անիկա դէպի Աստուած քաշող ուժ մըն է... է նաեւ ուժ մը` որ մեզ կը մղէ դէպի միւսները, դէպի անոնց, որոնք հեռու են Տիրոջմէ։ Խօսքը ուստի մեզ կը քաշէ դէպի Աստուած ու կը մղէ դէպի ուրիշները, այս է անոր շարժականութիւնը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով նաեւ թէ «անիկայ կը լայնեցնէ սիրտը, կը փոխէ ուղղութիւնը, կը տապալէ սովորութիւնները, կը բանայ նոր տեսարաններ ու անսպասելի հորիզոններ»։

«Աստուծոյ Խօսքը մեր մէջ կը հրահրէ Յիսուսին կոչումը ... ինչպէս պատահեցաւ առաջին աշակերտներուն, որոնք թողուցին ուռկանները ու սկիզբ տուին նոր արկածախնդրութեան...Անիկա կը հրահրէ առաքելութիւն, մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ վկաներն ու պատգամաւորները աշխարհի մը մէջ, որ լի է բառերով սակայն ծարաւն ունի այդ Խօսքին զոր յաճախ չի ճանչնար...Եկեղեցին ալ կ՛ապրի այդ շարժականութիւնը, կոչուած է Քրիստոսէն, գրաւուած է Անորմով ու ուղարկուած է աշխարհ` Զինք վկայելու համար», ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ անդրադարձաւ Աստուծոյ խօսքով ներգրաւուած անձերուն զանոնք ներկայացնելով որպէս տիպարներ` Սուրբ Անտոն անապատականը, Սուրբ Օգոստինոսը, Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան ու նաեւ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը… «կեանքեր` որոնք փոխուեցան կեանքի Խօսքին միջոցաւ» ըսաւ Ան ։

Մեկնելով վերոնշեալ սուրբերու փորձառութենէն Քահանայապետը  զգուշացուց այդ Խօսքին դիմաց խուլ ձեւանալէ, ու հրաւիրեց խուսափիլ «հազարաւոր բառերով ճնշուած մեր կեանքին մէջ, թոյլ տալու, որ Աստուծոյ Խօսքը սահի մեր վրայէն»... Աստուծոյ Խօսքը պէտք չէ միայն ունկնդրուի այլ պէտք է դառնայ աղօթք, երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, յայտնեց ի միջի այլոց Քահանայապետը յիշեցնելով քրիստոնէական աղօթքին երկու հիմնական չափանիշերը «Խօսքին ունկնդրութիւնը ու Տիրոջ երկրպագութիւնը»։

Թողուլ եւ հետեւիլ

Շարունակելով մեկնաբանել օրուան աւետարանական հատուածը Քահանայապետը ակնարկեց Յիսուսի աշակերտներու կոչումին հետեւած արարքին. «Թողուցին ուռկանները ու հետեւեցան Յիսուսին» եւ խօսքը կեդրոնացուց «թողուցին» ու «հետեւեցան» բառերուն վրայ։

«Անոնք թողուցին նաւն ու ուռկանները, այսինքն կեանքը, զոր ապրած էին մինչեւ այդ պահը» ըսաւ Քահանայապետը նշելով, որ «ան` որ Աստուծոյ Խօսքին հետ շփումի մէջ կը մտնէ կ՛ազատի անցեալի կապանքներէն... և կը մղուի «վայելելու քրիստոնէական կեանքը իր իրականութեան մէջ` այսինքն Տիրոջ հետ սիրոյ պատմութիւնը»։

Աշակերտները «Վարդապետին հետեւեցան ու դէպի առջեւ քայլեր կատարեցին...որովհետեւ Անոր Խօսքը մեզ կը հասունցնէ ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ, սիրտը կը բիւրեղացնէ կեղծաւորութիւնէն ու զայն կը լեցնէ յոյսով» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթեց` որ «Աստուծոյ Խօսքի կիրակին մեզի օգնէ ուրախութեամբ վերադառնալու հաւատքի ակնաղբիւրին», որ կը ծնի Յիսուսը ունկնդրելէն։

Վերադառնալ ակնաղբիւրին

«Վերադառնանք ակունքին` աշխարհին առաջարկելու այն կենդանի ջուրը. զոր կարող չէ գտնել և մինչ հասարակութիւնը և ընկերային ցանցերը կ՛ ընդգծեն բառերու բռնութիւնը, մենք կառչինք փրկող Խօսքի հեզութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց կարդալու Աւետարանը ու զայն մեր հետ տանելու, որովհետեւ անիկա «կենաքի գիրքն է» թէեւ «շատ մը հաւատացեալներ զայն երբեք չեն կարդացած»։

«Թոյլ տանք ներգրաւուիլ Աստուծոյ Խօսքին մեր կեանքին մէջ բերած գեղեցկութեամբ» եղաւ Սրբազան Քահանայապետի քարոզի վերջին յորդորը։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2024, 10:04