Նոր տարին յանձնենք Մարիամի հովանիին . Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ամանորի պատարագին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի մէկ յունուար 2024ին, Աստուծոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր տարին սկսաւ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10iն գլխաւորած գոհաբանական Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, որուն առթիւ ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի տիպարին վրայ։
Սուրբ Մայր Աստուծոյ
«Աստուած մարդ կը դառնայ ու այս մէկը կ՛ընէ կնոջ մը նշանով` Մարիամը։ Ան Աստուծոյ ընտրած ճանապարհն է, Ան շատ մը անձերու ու սերունդներու նպատակակէտն է...փրկութեան ժամանակին սկիզբը կայ Աստուծոյ Մայրը, մեր սուրբ մայրը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը քարոզին մէջ ապա խօսեցաւ Սուրբ Հոգւոյն մասին, որ «առաքուեցաւ Հօր Աստուծմէ», այստեղ եւս որպէս տիպար ներկայացնելով Տիրամայրը, որ խոնարհաբար ընկալեց զայն։
«Մարիամին մայրութիւնը ճանապարհն է հանդիպելու Աստուծոյ հայրական քնքշութեան» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ Տիրամայրը մեր կեանքին մէջ ընկալելը մեծարանքի ընտրանք մը չէ այլ հաւատքի պահանջ մը, ինչպէս կ՜ըսէր Սուրբ Պօղոս Զ. Եթէ կ՛ուզենք քրիստոնեայ ըլլալ պէտք է ըլլանք մարեմեան (Քարոզ Քալիարիի մէջ 24 ապրիլ 1970).
Եկեղեցին ու աշխարհը կարիքը ունին Մարիամին
«Եկեղեցին Մարիամի կարիքն ունի, որպէսզի վերագտնէ իր կանացի դէմքը, աւելի շատ նմանի անոր, որ որպէս կին, Կոյս և Մայր, կը ներկայացնէ կնոջ կատարեալ կերպարը (տես Lumen gentium, 63); Պէտք ունի Մարիամին` որպէսզի տեղ յատկացնէ կիներուն եւ ըլլայ ծնունդ պարգեւող, հովուական խնամքի միջոցաւ, որ կազմուած ըլլայ հոգատարութենէ և համբերութիւնէ և մայրական քաջութիւնէ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նկատել տալով` թէ« աշխարհը եւս պէտք է դիմէ մայրերուն և կանանց, խաղաղութիւն գտնելու համար, բռնութեան և ատելութեան պարոյրներէն փախչելու և դարձեալ վերագտնելու մարդկային հայեացքներ ու տեսնող սրտեր»:
«Իւրաքանչիւր հասարակութիւն եւս պէտք է ընկալէ կնոջ պարգեւը, իւրաքանչիւր կնոջ պարգևը, յարգել զայն, պաշտպանել, գնահատել, իմանալով, որ ան որ կը վիրաւորէ նոյնիսկ մէկ կին մը կը պղծէ Աստուած որ ծնաւ կնոջմէ»։
Ապաստան փնտռենք Երկնաւոր Մօր հովանիին ներքոյ
«Սրբազան Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հոգատար վերաբերմունքին` հանդէպ իր զաւակներուն օրինակ ներկայացնելով Կանայի հարսանիքը երբ Տիրամայրը անդրադառնալով որ գինին վերջացած էր կը բարեխօսէ իր զաւկին մօտ, որպէսզի բաւարարէ կարիքները։
«Երբ մենք փորձուած ենք փակուելու մեր մէջ, երթանք Անոր մօտ, երբ կարողութիւնը չունինք ազատելու կեանքի հանգոյցներէն, անոր մօտ փնտռենք ապաստան: Խաղաղութիւնէ դատարկ մեր ժամանակները կարիքը ունին Մօր, որ կը վերամիաւորէ մարդկային ընտանիքը: Նայինք Մարիամին, որպէսզի դառնանք միասնութեան կերտող, և այդ ընենք Անոր Մօր ստեղծագործութեամբ, որ խնամք կը տանի իր զաւակներուն, զանոնք կը համախմբէ եւ կը մխիթարէ, մտիկ կ՛ընէ անոնց վիշտերուն եւ կը սրբէ անոնց արցունքները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով «նոր տարին յանձնել Աստուծոյ Մօր հովանիին»։
«Անոր նուիրագործենք մեր կեանքերը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը աւարտեց մաղթելով որ այս նոր տարին ըլլայ լիառատ` Տիրոջ մխիթարութիւններով, ըլլայ լիառար Մարիամին Աստուծոյ Սուրբ Մօր մայրական քնքշութեամբ, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար գովաբանելու Սուրբ Կոյսը ըսելով. Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ