2024.01.20 Membri dell'Associazione per la Sussidiarieta' e la Modernizzazione degli Enti Locali (ASMEL)

Գործել ի սպաս հասարակաց բարիքին. Զաւակ ունենալը վերապրումի պարտականութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց Իտալական տեղական իշխանութիւններու օժանդակութեան եւ արդիականացումի ընկերակցութեան անդամները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 20 Յունուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց 2010ին ստեղծուած Իտալական տեղական իշխանութիւններու օժանդակութեան եւ արդիականացումի ընկերակցութեան անդամներուն։

Ընկերակցութեան նպատակն է նպաստել տեղական իտալական իշխանութիւններու պատշաճ գործունէութեան՝ մեկնելով օժանդակութեան սկզբունքէն, որ «շատ սիրելի է եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան» ըսաւ Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած ճառին սկիզբը։

Ան ապա անդրադարձաւ իտալիոյ տարածքի բոլոր փոքր գիւղաքաղաքներուն ու քաղաքապետարաններու իրականութեան, որոնք յաճախ անտեսուած են ու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, տրուած ըլլալով` որ անոնց չի յատկացուիր Երկրի այլ շրջաններուն յատկացուած կենսամիջոցները եւ այս մէկը կը մղէ այդ վայրերու բնակիչները, դուրս գալու այնտեղէն ու այլուր փնտռելու կեանքի աւելի լաւ պայմաններ, ինչ որ «աւելիով կ՛աղքատացնէ այդ գիւղերը» եւ «աւելիով կը նուազին հարցերուն պատասխան տալու կենսամիջոցները», դիտել տուաւ իր խօսին մէջ Քահանայապետը միաժամանակ ընդգծելով թէ ճիշտ այս շրջաններուն մէջ է, որ կը գտնուի բնական հարստութիւնը` անտարներ, պաշտպանուած շրջաններ, որոնք ի վերջոյ բնապահպանական առումով ունին ռազմավարական նշանակութիւն։

«Բնակչութեան հեռացումը այդ տարածքները աւելի դիւրաբեկ կը դարձնէ ու անոնց կազմուածքի քայքայումը պատճառ կը դառնայ բնական աղէտներու» յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով` որ «այդ հողատարածքները դիտելով կը հաստատուի այն իրականութիւնը, թէ «երկիրն աղաղակը ունկնդրելը կը նշանակէ ունկնդրել աղքատներուն ու լուսանցքայիններուն աղաղակը»...եւ «մարդոց ու բնութեան դիւրաբեկութեան մէջ կը հասկնանք, թէ ամէն բան իրար կապուած է», ու թէ «լուծումներու որոնումը կը պահանջէ միասին կարդալ այն երևոյթները, որոնք յաճախ կը համարուին անկախ ու առանձին»:

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց առ այդ բոլոր ներկաներուն վերոնշեալ հարցերուն ի տես անոնց յանձնառումին համար, որ կը ջանայ պաշտպանել մարդոց արժանապատուութիւնը ու խնամք տանիլ հասարակաց տան քաջալերելով զանոնք չվհատելու եւ շարունակելու այդ աշխատանքը դիմելով նաեւ Նորարարական ընկերային գործընթացքներու, որոնք կը վերաբացայայտեն փոխադարձութեան ձևերը, և որոնք կը վերակառուցեն շրջակայ միջավայրի հետ յարաբերութիւնները, խնամքի առանցքով... խթանելու համար բոլորին ի շահ այլընտրանքային տիպարներ։

Ճառին աւարտին Քահանայապետը խրատեց ներկաները որոնելու պետականի ու մասնաւորի միջեւ նոր յարաբերութիւններ, յաղթահարելու համար հարցերը ու միասին համագործակցելու ի սպաս հասարակաց բարիքին։ Ասկէ ետք Ան յորդորեց նաեւ դիմելու նոր արհեստականութեան միջոցներու, որոնց շարքին նաեւ արհեստական բանականութիւնը զայն օգտագործելով որպէս գործիք` ոչ թէ քանդումի այլ խնամքի` «խնամք մարդոց, հասարակութեան, հողատարածքներու եւ հասարակաց տան» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ ծննդաբերութիւններու պակասի հարցին, որ ըսաւ Ան «լուրջ հարց մըն է, որուն վրայ հիմնուած է Երկրին ապագան»։

«Զաւակ ունենալը վերապրումի պարտականութիւն է` ծնունդներու ողբերգութիւնը պէտք է լուրջի առնել» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով ամէն բարիք ու շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 11:37