2024.01.22 Membri dell'Associazione Internazionale dei Giornalisti Accreditati presso il Vaticano

Ձեր աշխատանքը հիմնեցէք ճշմարտութեան եւ պատասխանատուութեան ամուր ժայռին վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներու Միջազգային ընկերակցութեան անդամներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 22 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր օրակարգը սկսաւ Քլեմենթինա դահլիճէն ներս հանդիպելով Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Լրագրողներու Միջազգային ընկերակցութեան անդամներուն հետ, որոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ուզեց շնորհակալութիւն անոնց, որպէս «ճամբորդութեան ուղեկիցներ», որ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Սուրբ Աթոռի գործունէութեան մասին, ընթերցողներուն, ունկնդիրներուն եւ հանդիսատեսներուն։

Լրագրող ըլլալը կոչում Է

«Դուք հասարակութիւն մըն էք որ միացած է առաքելութեան մէջ եւ ես լաւապէս կը ճանչնամ ձեր սէրը ձեր գործին հանդէպ ու ձեր յոգնութիւնները...լրագրող ըլլալը կոչում մըն է, նման բժիշկի կոչումին, որ կ՛ընտրէ սիրել մարդկութիւնը, խնամելով հիւանդութիւնները։ Այնպէս ալ լրագրողը կ՛ընտրէ իր ձեռքերով դպչիլ ընկերութեան ու աշխարհի վէրքերուն» յարեց Սրբազան Պապը յորդորելով ներկաները վերադառնալու միշտ այդ կոչումի ակունքին` ճանչնալ ու պատմել բայց նաեւ մշակել սէր ճշմարտութեան նկատմամբ։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց հետեւողական աշխատանքին ու համբերութեան համար ինչպէս նաեւ յանձն առած զոհողութիւններուն` հետեւելու համար աշխարհը շրջող Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ու աշխատելու նաեւ կիրակի եւ տօնական օրերը ու ներողութիւն խնդրելով անոնցմէ ի տես այն իրականութեան, որ շատ անգամ իր մասին լուրերը զանոնք կը խլեն իրենց ընտանիքներէն, իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցնելէն։

Մօտիկ ըլլալ մարդոց ու սորվիլ հեզութիւնը

«Մեր այս հանդիպումը առիթ է խոկալու վատիկանի լրագրողի դժուար արհեստի մասին որ կը պատմէ Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը, կը կառուցէ ճանաչողութեան եւ հաղորդութեան կամուրջներ փոխան պառակտումի և անվստահութեան ակօսներու» (Յովհաննէս ԻԳ 22 Փետրուար 1963, խօսք ուղղուած լրագրողներուն), ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հարց տուաւ Ո՞վ է վատիկանիսթը (Վատիկանեան հարցերով զբաղող լրագրող), եւ հարցումին պատասխանեց լրագրողի մը խօսքերով որ այս գործը կատարելով սորվեցաւ խոնարհութիւնը ու մօտիկ ըլլալ մարդոց։

Ֆրանչիսկոս Պապը առ այդ մէջբերեց Պօղոս Զ Քահանայապետին խօսքերը ուղղուած միշտ լրագրողներուն, ուր Ան հաստատած էր թէ «Վատիկանեան հարցերով զբաղող լրագրողի ծառայութիւնը պէտք չէ առաջնորդուած ըլլայ այն չափանիշներէն, որոնք Եկեղեցւոյ իրերը կը դասէն ըստ սրբապիղծ և քաղաքական կարգերու..այլ պէտք է նկատի առնէ, այն ինչ, որ իրապէս կը տեղեկացնէ Եկեղեցւոյ կեանքի մասին, այսինքն անոր կրօնական և բարոյական նպատակները և բնորոշ հոգևոր յատկութիւնները» եւ ասկէ մեկնելով իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «նրբութեան» որով շատ անգամ կ՛անդրադառնան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող գայթակղութիւններու մասին։

Դիմադրել զանգուածային հաղորդակցութեան կոչումին

Քահանայապետը քաջալերեց առ այդ ներկաները յառաջ ընթանալու այն ուղեւորութեան մէջ` որ «գիտէ տեղեկատուութիւնը համատեղել մտորումներու հետ, խօսիլը` լսելու, խորաթափանցութիւնը սիրոյ հետ» հրաւիրելով նաեւ դիմակայելու զանգուածային հաղորդակցութեան կոչումին, որ կը շահարկէ Եկեղեցւոյ կերպարը, խեղաթիւրելով կրօնական տեղեկութիւնը։

Չթաքցնել իրականութիւնը

«Պետրոսի կողքին ձեր աշխատանքի գեղեցկութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, զայն հիմնելու ճշմարտութեան պատասխանատուութեան ամուր ժայռի վրայ, եւ ոչ թէ խօսակցութիւններու և գաղափարական ընթերցումներու փխրուն աւազներու վրայ. Կը կայանայ իրականութիւնը ու նոյնիսկ անոր թշուառութիւնները չթաքցնելու մէջ... փորձելով ըմբռնել էականը Եկեղեցւոյ էութեան լոյսին ներքոյ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ խօսքը աւարտեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 09:31