Որոնել

2024.01.08 Auguri del Corpo Diplomatico

Քահանայապետը նորոգեց Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ի սպաս ու արցախահայութեան տուն վերադարձի իրաւունքին կոչը

«Մտահոգութիւն կը յայտնեմ նաեւ Հարաւային Կովկասի լարուած իրավիճակին ի տես ընդմէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, խրախուսելով կողմերը հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Հրատապ է լուծում գտնել այդ շրջանի բնակիչներու ողբերգական մարդասիրական իրավիճակին, խթանել տեղահաններուն վերադարձը իրենց տուները, օրինականութեան եւ անվտանգութեան մէջ ու յարգել այնտեղ ներկայ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մտահոգութիւն կը յայտնեմ նաեւ Հարաւային Կովկասի լարուած իրավիճակին ի տես ընդմէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, խրախուսելով կողմերը հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Հրատապ է լուծում գտնել այդ շրջանի բնակիչներու ողբերգական մարդասիրական իրավիճակին, խթանել տեղահաններուն վերադարձը իրենց տուները, օրինականութեան եւ անվտանգութեան մէջ ու յարգել այնտեղ ներկայ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը: Այս քայլերը կարող են նպաստել երկու երկրներու միջև վստահութեան մթնոլորտի ձևաւորման՝ ի տես այնքան ցանկացուած խաղաղութեան»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նորոգուած կոչն է սա` զոր Ան ուղղեց այսօր, Երկուշաբթի 8 Յունուար 2024ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումին` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի շնորհաւորութիւնները փոխանցելու առիթով։

Արդարեւ այս երկրորդ անգման է` որ Նորին Սրբութիւնը այսպիսի կոչ մը կ՛ուղղէ պահանջելով արցախահայութեան տուն վերադարձը, «օրինականութեան եւ անվտանգութեան» մէջ։ Առաջինը եղաւ անցեալ 25 դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնի «Ուրպի Էթ Օրպի» ուղերձի ժամանակ։

Սովորութիւն է` որ Քահանայապետերը ամէն տարուայ սկիզբը հանդիպում ունենան ու ողջունեն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ու դիւանագիտական մարմնի անդամները։

Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող երկիրներուն թիւը 184 է, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը եւ Մալթայի Ասպետական կարգը։ Այդ երկիրներէն 91 ունին Հռոմի մէջ նստավայր, որոնց շարքին է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպանութիւնը։

Դիւանագիտական մարմնի անձնակազմին հետ այս աւանդական տարեկան հանդիպումը ընդհանրապէս առիթ է հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու անցած տարուայ գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին, ապա ներկայացնելու ընթացիկ տարուայ աշխատանքային ուղեցոյց մը, զոր այս տարի Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց կեդրոնացնել խաղաղութեան իղձին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2024, 11:11