Եկեղեցին պէտք ունի «իրենց սրբութեամբ վարակիչ» մարդկանց․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 11 Յունուարին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս, ընդունեց «Facchini di Santa Rosa - Սուրբ Ռոզայի բեռնակիրներ» ընկերակցութեան շուրջ 250 անդամները, որոնց յանձնեց իր գրաւոր պատգամը։
Իտալիոյ Վիթերպօ քաղաքի Պաշտպան Սուրբ Ռոզայի մարմինը Ալեսսանտրօ Դ Պապի որոշումով 1258 թուականին Փոճիոյի Սուրբ Մարիամ եկեղեցիէն փոխադրուեցաւ «Վարդերու Սուրբ Մարիամ» եկեղեցի, որ այսօր Սուրբ Ռոզայի Սրբավայրը կը հանդիսանայ»։
Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ուղղած իր գրաւոր խօսքին մէջ այս պատմական իրողութեանը յղում կատարելով նշած է, որ Վիթերպոյի մէջ ապրած Սուրբը իր կեանքին ընթացքին դարձած է քրիստոնէական նուիրուածութեան եւ կենսունակութեան խթանող ամբողջ քաղաքի համար: Երիտասարդ տարիքին ընտրելով բացարձակ աղքատութիւնը եւ նուիրուածութիւնը գթասրտութեանը, շատերուն ներքաշած է Յիսուսի նկատմամբ իր սիրոյ մէջ, այն աստիճան, որ անյարմար նկատուելով իշխանութիւններու կողմէ, իր ընտանիքին հետ միասին աքսորուած է։
«Սակայն Ան չի կրցաւ թաքնուիլ, այլ տարածուեցաւ ինչպէս ճրագի լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամբողջ տունը (հմմտ Մատթէոս 5:14-16)», կը յարէ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա կ’ընդգծէ՝ յղում կատարելով Gaudete et exsultate Առաքելական Յորդորագիրին (129; 138), նշած է․
«Մեզի այսպիսի սուրբեր են պէտք նաեւ այսօր. մարդիկ, որոնք հողաթափերով չեն նստիր բազմոցին, այլ կ’այրին Աւետարանը ապրելու եւ աւետելու անզուսպ ցանկութեամբ, վարակիչ են իրենց սրբութեամբ»։
Սուրբ Ռոզայի միջոցաւ յայտնի դարձնել Յիսուսի Աւետարանը
Ֆրանչիսկոս Պապը կը շեշտէ այնուհետեւ, որ Սուրբի այդ յիշողութիւնը Ընկերակցութեան անդամները կը շարունակեն փոխանցել իրենց ծառայութեամբ եւ քրիստոնէական կեանքի յանձնառութեամբ, եւ նկատել կու տայ, որ Սուրբին նուիրուած տօնակատարութիւններու օրը՝ 4 Սեպտեմբերին, տպաւորիչ նշան է այն, որ երեսուն մեթր բարձրութեամբ եւ աւելի քան հինգ հազար քիլոկրամ քաշով «մեքենան», որու գագաթին տեղադրուած է Սուրբի արձանը, իր շուրջը կը բոլորէ ողջ քաղաքը՝ ներառեալ ողջ աշխարհէն ժամանած ուխտաւորները ու այցելուները, այն աստիճան, որ 2013 թուականէն Սուրբ Ռոզայի մեքենան ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ճանչցուած է որպէս «մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութիւն:
«Յիշէք, սակայն, յորդորած է Սրբազան Քահանայապետը, որ (․․․) ամենէ կարեւորն այն է, որ Սուրբ Ռոզայի միջոցաւ յայտնի կը դարձնէք Յիսուսի Աւետարանը»։
«Այդ մէկը ըրէք միասին, միասնական եւ զօրավիգ՝ ապրելով Անոր արժէքները «հաւատքով, ուժով եւ կամքով», «յարգանքով եւ խոնարհութեամբ», քանզի թէ թափօրի եւ թէ կեանքի մէջ, այսպիսի մեծ նախաձեռնութիւն ոչ մէկը կրնայ միայնակ իրագործել», կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իր գրաւոր պատգամի աւարտին կը քաջալերէ անոնց՝ պահպանելու այդ աւանդոյթը, ի սրտէ կ’օրհնէ զանոնք եւ կը յորդորէ չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ