Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցի ընթացքին 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմի սրումը զիս կը վախցնէ»

Կիրակի 14 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալական «Che tempo che fa» հեռուստածրագիրին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը խօսելով հետեւեալ թեմաներու մասին. «Օրհնութիւնները բոլորին, նոյնիսկ անկանոն զոյգերուն՝ նման «Աստուծոյ` որ կ՝օրհնէ բոլորը, բոլորը, բոլորը»։ Պատերազմի մը սրումի վախը եւ պատերազմի յանցագործութիւնը, որ գողցած է մանուկներուն ժպիտը, հաստատումը` որ Ինք հրաժարական տալու մտադրութիւն չ՛ունի ու յայտարարութիւնը` երկու ճամբորդութիւններուն. Օգոստոսին Փոլինէզիա, իսկ տարեվերջին Արժանթին։

Վազգէն Աբարդեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Օրհնութիւններ շնորհել բոլորին անխտիր, նոյնիսկ անկանոն զոյգերուն, նման Աստուծոյ, որ «կ՝օրհնէ բոլորը, բոլորը, բոլորը»։ Պատերազմի մը սրումի վախը եւ պատերազմի յանցագործութիւնը, որ գողցած է մանուկներուն ժպիտը, հաստատումը` որ Ինք մտադիր չէ հրաժարական տալու եւ երկու ճամբորդութիւններու յայտարարութիւնը` Օգոստոսին Փոլինէզիա եւ տարեվերջին Արժանթին» ասոնք մի քանի նիւթեր ես զոր Ֆրանչիսկոս Պապը քննարկեց Իտալական «Che tempo che fa» հեռուստածրագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին` Կիրակի 14 Յունուարի երեկոյեան։

Օրհնել բոլորը

Պատասխանելով Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան, «Fiducia Supplicans» փաստաթուղթին հայող հարցումին, որ կարելիութիւն կու տայ օրհնելու «անկանոն» իրավիճակի մէջ գտնուող զոյգերը, որոնց շարքին նոյնիսկ միեւնոյն սեռի պատկանող զոյգերը, Ֆրանչիսկոս Պապը կը վերահաստատէ որ «Տէրը կ՛օրհնէ բոլորը, բոլորը, բոլորը» եւ կը յանձնարարէ` «մենք պէտք ենք այդ մարդոց ձեռքերը բռնենք» ու « զանոնք չդատապարտենք սկիզբէն»։ Ասիկա « եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան գործն» է եւ խոստովանահայրերուն համար «կարեւոր» գործ է, որոնք կանչուած են «ներելու ամէն ինչ»։

Քահանայապետը ապա կը յայտնէ, թէ ինք եւս, քահանայական կեանքի 54 տարիներու ընթացքին, միայն մէկ անգամ մերժած է ներել «անձի մը կեղծաւորութեան պատճառաւ»։ Տէրը, «մեր մեղքերէն չգայթակղիր, որովհետեւ Ան Հայր է եւ մեզի կ՝ուղեկցի», կը շեշտէ Սրբազան Պապը խոստովանելով որ ինք կը յուսայ որ դժոխքը դատարկ ըլլայ։

Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմները

Սրբազան Պապը անդրադառնալով Միջին Արեւելիք ու նաեւ Ուքրանիոյ ե մէջ բռնկած հակամարտութիւններուն, կը դատապարտէ պատերազմին սարսափը։ «Այո՝ ճիշդ է որ խաղաղութիւնը կնքելը յաճախ վտանգաւոր է, սակայն աւելի վտանգաւոր է պատերազմը» կ՛ըսէ Ան ու կը պատմէ անցեալ չորեքշաբթի օր Ուքրանացի մանուկներու պատուիրակութեան մը հետ ունեցած հանդիպումի մասին նշելով որ «անոնցմէ ոչ մէկը կը ժպտէր։ Մանուկները ինքնաբուխ կը ժպտան, ես անոնց «շոկոլատ» կու տայի բայց անոնք չէին ժպտար։ Անոնք մոռցած են ժպիտը, եւ երբ մանուկ մը ժպիտը մոռնայ` ոճրային է, այս է այն ինչ որ կ՛ընէ պատերազմը` կ՛արգիլէ երազելը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Զէնքերու առեւտուրը

«Պատերազմներուն ետին» կը կրկնէ Հռոմի Եպիսկոպոսը, «կայ զէնքերուն առեւտուրը»։ Ան ապա իր անձնական վախը կը յայտնէ պատերազմի ընդլայնումին վերաբերեալ. «Այս պատերազմի սրումը զիս կը վախցնէ, որովհետեւ աշխարհի մէջ պատերազմներու քայլերը յառաջ տանելուն դիմաց մարդս հարց կու տայ թէ ու՞ր պիտի հասնինք։ Ադոմական ռումբերով որ ամէն բան կը կործանեն ու՞ր պիտի հասնինք։ Նոյի տապանակի՞ նման։ Այս մէկը ինծի վախ կը պատճառէ` մարդկութեան ինքնաոչնչացումի կարողութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը։

Գաղթականներու տագնապը

Հարցազրոյցը ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ գաղթականներուն թեման, յիշելով Փաթօ անունով Քամերունցի երիտասարդի հետ ողջագուրումը, որ Թունիսի եւ Լիպիոյ միջեւ անապատին մէջ կորսնցուցած էր իր դուստրն ու կինը։ Ֆրանչիսկոս Պապ Փաթոն ընդունած էր անցեալ նոյեմբերին,Վատիկանի Սանթա Մարթա բնակարանին մէջ։ «Մեծ դաժանութիւն կայ այդ գաղթականներուն հետ վարուելուն մէջ այն պահէն որ դուրս կու գան իրենց տուներէն մինչեւ այն պահը երբ Եւրոպա կը հասնին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ «իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի մնալու իր տան մէջ եւ գաղթելու» ե ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ որդեգրել « լաւ մտածուած» գաղթականութեան քաղաքականութիւն մը, որ սատարէ «գաղթականներու խնդիրը յանձն առնելու» եւ «վերացնելու գաղթականները շահագործող բոլոր մաֆիաները»։

Հրաժարականը

Հարցազրոյցին նիւթերու շարքին պակաս չեղաւ Քահանայապետին հրաժարականի կարելիութիւնը. «Անիկա որ գաղափար է, որ մտահոգութիւն եւ ոչ ալ փափաք մը։ Անիկա բաց կարելիութիւն է բոլոր քահանայապետերուն համար, բայց այս պահուն իմ մտածումներուս, տատամսումներուս եւ զգացումներուս կեդրոնը չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ի հաստատում այս խօսքերուն յայտարարեց երկու ճամբորդութիւններ՝ դէպի Փոլինէզիա եւ Արժանթին։ «Արժանթինի համար դժուար ժամանակ է» ըսաւ Ան «եւ ծրագրի մէջ է տարուան երկրորդ կէսին Արժանթին ճամբորդութիւն մը, որովհետեւ այս պահուս հոն կառավարութեան փոփոխութիւն, կան նոր բաներ... Ես կը փափաքիմ երթալ։ Տասը տարիներ ետք կարող եմ երթալ» նշեց Ան ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2024, 10:58