Ֆրանչիսկոս Պապ. Հայր Համէլը լոյս Աստուծոյ անունով բռնութեան դէմ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
24էն-26 յունուարին, Լուրտի մէջ ընթացք առաւ Լրագրողներու պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ֆրանչէքսօ Տի Սալէսի 27-րդ միջազգային հանդիպումը, որուն ընթացքին միջազգային մրցանակ շնորհուեցաւ Հայր Ժաք Համէլին՝ լրագրողական աշխատանքին համար։ Հայր Համէլ բռնութեամբ սպաննուած է 26 յուլիս 2016ին, երկու մահմետականներու ձեռքով, Սուրբ Էթիէն Տու Ռուվրէն եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ մատուցանելու ժամանակ։
Միջազգային հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Չելէսթինօ Միլիորէն մրցանակներ յանձնեց երկու լրագրողներու՝ Քանատացի Սարա Քրիսթին Պուրիհանէ ու անոր գործընկեր Իտալացի Ռոմինա Կոպպօ։ Մրցանակի փոխանցումէն ետք, Պապական նուիրակը ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ Հայր Ժաք Համէլին շնորհուած մրցանակին կարեւորութիւնը անոր սպանութենէ 7 տարի ետք, «Ուրախ միջոց մըն է քաջալերելու, աջակցելու եւ պարգեւատրելու համար բոլորն անոնք, որոնք կ՝աշխատին աւելի եղբայրական աշխարհ կառուցելու ուղղութեամբ,յարգելով բոլորին համոզումները» գրեց Սրբազան Հայրը։
Աստուծոյ Անունով բռնութիւնը հայհոյանք է
«Առկայ ժամանակաշրջանին մարտահրաւէրները աւելի դժուար կը դառնան , քանի որ յաճախ կեղծ լուրեր կը փոխանցուին՝ մտադրուած մէկը միւսի դէմ հանելու, ինչ որ դիւրահաւատութեամբ կ՝ընդունուին , այն մարդոց կողմէ որոնք, կորսնցուած են քննադատական զատորոշումի զգացումը կամ ալ կ՝օգտուին իրենց տկարութեան եւ աղքատութեան վիճակէն», գրեց Սրբազան հայր մատնանշելով որ ասոնք պարարտ հող են արմատականացման երեւոյթներու համար, յատուկէն կրօնային կարգ մը խումբերուն մէջ, որոնք վերջ կը գտնեն Աստուծոյ անունով բռնութիւնը քարոզելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը յորդորէ միշտ ըլլայ հարազատ ու ճշմարիտ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ մտաւորական հետազօտութիւններուն մէջ։«Գլուխն ու սիրտը ուժերն եւ որոնք պէտք են գործադրուիլ, առաջարկելով իրադարձութիւններուն քրիստոնէական ընթերցում, որ չյանձնուիր յարձակողական մշակոյթին ինչպէս նաեւ նսեմացնելու ուրիշին, որուն պէտք է նայուի բարեհոգի նայուածքով։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս կապակցութեամբ մէջբերեց Fratelli tutti յորդորագիրը յիշեցնելով որ բարեգործութիւնը ինքնին կը կերպարանափոխէ բանավիճելու եւ գաղափարներուն համեմատութեան ձեւը, երբ ան կը դառնայ մշակոյթ՝ հասարակութեան մը մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ