Վատիկան Վատիկան  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխէ Սուրբ Աթոռի Վերատեսչութիւններու պայմանագիրերու եւ բացառիկ ծախսերու կանոնները

Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումները պարունակուած են այսօր հրապարակուած երկու ինքնագիր նամակներու մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ լոյս տեսան երկու նոր կանոններ, Վատիկանի վերատեսչութիւններու ծախսերու մատակարարումը լաւ սահմանելու եւ պայմանագիրերուն ոլորտէն ներս թափանցիկութիւնը բարելաւելու համար։ Երկու ոլորտներ, որոնց միջամտեց Ֆրանչիսկոս Պապը երկու փաստաթուղթերով, զոր հրապարակուեցան այսօր՝ 16 յունուարին, Վատիկանի հաղորդամիջոցներու գրասենեակի կողմէ։

Առաջին ինքնագիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յստակացնէ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններու սովորական մատակարարման սահմաններն ու ձեւերը։ Երեք յօդուածներու մէջ՝ համահունչ Praedicate Evangelium առաքելական սահմանադրութեան կը սահմանուի, որ Վատիկանեան հաստատութիններէն կը խնդրուի տնտեսութեան քարտուղարութեան վերատեսուչին հաստատումը երբ՝ պայմանագիրի մը ծախսը կը գերազանցէ ընդհանուր ծախսերու 2 առ հարիւրը, հիմնուած վերջին երեք տարիներու վերջնական հաշուեկշիռին միջինէն ստացուած ցուցանիշի վրայ։ «Ամէն պարագային» կը հաստատուի որ, գործի մը արժէքը երբ 150 հազարէն պակաս ըլլայ չպահանջուիր վերատեսուչին հաստատումը։

Երկրորդ ինքնագիր նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը միջամտէ աւելի յստակացնելու համար այն կանոնը, որ կը կարգաւորէ Վատիկանի պայմանագիրերու օրէնսդրութիւնը, հրապարակուած 2020 թուականին։

Այս պարագային, համահունչ Praedicate Evangelium, առաքելական սահմանադրութեան Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ, որ սոյն ինքնագիր նամակը կը փափաքի շարունակել այն ճառը ձեռնարկուած՝ խթանելու համար հանրային պայմանագիրերուն սահմանման ընթացակարգերու թափանցիկութիւնը, վերահսկողութիւնը եւ մրցակցութիւնը՝ կանոններու աւելի լաւ կիրառման համար, որոնք վերջին փոփոխութիւններով հաշուի կ՝առնեն Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններուն հետ կապուած դիտարկումները եւ այս տարիներուն ձեռք բերուած փորձառութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 12:58