2024.01.13 Incontro con il Clero Romano

Հռոմը առաքելութեան քաղաք. Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի քահանաներուն հետ հանդիպումը

«Սրբազան Պապը խօսելով Հռոմի մասին, որպէս «առաքելութեան երկիր», աւետարանութեան կոչ ուղղեց համայն եկեղեցական համայնքին և յայտարարեց, որ պիտի վերսկսի այցելել թեմի ծուխերը՝ համաճարակի պատճառով պարտադրուած դադարէն ետքը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 13 Յունուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան տաճարին մէջ հանդիպեցաւ Հռոմի կղերի անդամներուն հետ, ընդամէնը 800 քահանաներ, թեմական եւ կրօնաւոր ու նաեւ մնայուն սարկաւագներ, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն Հռոմի թեմէն ներս եւ որոնք համապատասխանեցին իրենց ուղղուած հրաւէրին` մասնակցելու այս հանդիպումին, որ կայացաւ բաց, ընտանեկան եւ սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ։

Լուրը կը կարդանք Հռոմի Թեմի պաշտօնական կայքին վրայ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Այնտեղ նշուած է` որ Քահանայապետը Պազիլիքա ժամանեց առաւօտեան ինի ժամանակները եւ դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի Տեղական Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ։ Կէսօրուայ աղօթքին հետեւեցաւ Ծիրանաւոր կարդինալին ողջոյնի խօսքը, հուսկ Քահանաներուն ու Ֆրանչիսկոսի միջեւ զրոյցը։

«Հռոմի կղերին հետ հանդիպումներու աւանդոյթի համաձայն, այս ալ ունէր առանձնական հանդիպումի հանգամանք, որ աւարտեցաւ կէսօրուան մօտ» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա կը հաստատուի, թէ «Սրբազան Պապը խօսելով Հռոմի մասին, որպէս «առաքելութեան երկիր», աւետարանութեան կոչ ուղղեց համայն եկեղեցական համայնքին և յայտարարեց, որ պիտի վերսկսի այցելել թեմի ծուխերը՝ համաճարակի պատճառով պարտադրուած դադարէն ետքը»

«Այս հանդիպումին կանխած էին վերջին ամիսներուն երեք այլ հանդիպումներ՝ միշտ փակ դռներով, որոնց ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը կարողացած էր լսել տարածքի խնդիրները և զանոնք քննարկել «իր» քահանաներուն հետ» նշուած է Հռոմի Թեմին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2024, 14:25