Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց եւ ողջունեց «Fraternité Missionaire des Cités»ի ուխտաւորները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 4 Յունուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այս հանդիպումներու եւ ունկնդրութիւններու Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Ֆրանսայէն ժամանած «Fraternité Missionaire des Cités»ի եղբայրութեան անդամները։
«Fraternité Missionaire des Cités» եղբայրութիւնը ծնունդ առած է 2022-ի սկիզբը դիմակայելու համար մեծ քաղաքներու ժողովրդապետութիւններու առջեւ կայացած մարտահրաւէրները։ Եղբայրութիւնը ծառայութիւն է ժողովրդական շրջաններու մէջ ծառայող քահանաներուն, որոնք շատ անգամ լքուած են իրենց ճակատագրին, իրենց միսիոներական առաքելութեան դժուարութիւններուն մէջ։ Նպատակն է ուղեկցիլ և աջակցիլ անոնց, ու նաեւ կազմաւորել, որպէսզի գիտնան ապրիլ այսօրուայ այս ժողովրդապետութիւններու մէջ իրականութիւն դարձած «բազմազանութեան» կեանքը։
Ուխտաւորներուն մաս կը կազմէին Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի արուարձաններու ժողովրդապետութիւններու անդամ խումբ մը երիտասարդներ իրենց հոգեւոր հայրերուն հետ միասին։
«Դուք եկաք հոգեւոր կերպով կազդուրուելու Սուրբ Պետրոս եւ սուրբ Պօղոս առաքեալներու շիրիմներուն մօտ... Եկեղեցւոյ կենդանի ակնաղբիւրէն քաղելու Քրիստոսին սէրը, որ յարատեւ կերպով կը նուիրուի բոլոր մարդոց» յայտնեց այս առիթով Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յանձնած գրաւոր ողջոյնի խօսքին մէջ, ուր ապա խօսքը կեդրոնացուց «մսուրին» վրայ` որ աղքատ ու պարզ վայր մըն է, արուարձան մը։
«Հովիւները այդ ընկերութեան «բացառուածներն էին» բայց ճիշտ անոնք եղան առաջինները, որոնց հռչակուեց փրկութեան Աւետարանը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Անոքն աղքատ են սակայն սիրտը բաց։ Այս մէկը է նաեւ ձեր փորձառութիւնը» շարունակեց Ան ակնարկելով եղբայրութեան անդամներուն ապրած իրականութեան, կենաքին` գոյութենական արուարձաններուն մէջ ու հրաւիրելով զանոնք ամենուրէք տանելու հովիւներուն փոխանցուած պատգամը. «Մի վախնաք, ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ բոլոր ժողովուրդինը» (Ղուկ. 2,10)։
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք չվախնալու լքել իրենց ապահովութիւնները եւ առօրեայ կեանքը կիսելու իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։Ան հրաւիրեց նաեւ վեհանձնութեամբ ապրելու եղբայրութիւնը` «որ խաղաղութեան թթխմոր է եւ իւրաքանչիւրին զգալ կու տայ թէ ինք ընկալուած է»։
«Դուք ունիք խիզախ և անհրաժեշտ առաքելութիւնը Աստուծոյ մօտիկութիւնը, կարեկցանքն ու քնքշութիւնը տանելու այն մարդոց, որոնք յաճախ զրկուած են արժանապատուութիւնէն և սէրէն» եղաւ Սրբազան Քահանայապետին վերջին յորդորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ