2024.01.03 Foto intervista Papa san Francesco

Կառուցեցէք խաղաղութեան կամուրջներ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ասսիզիի Աբբայարանի եղբայրներու կողմէ հրապարակուող «Սուրբ Ֆրանչիսկոս՝ Իտալիոյ Պաշտպան Սուրբ » ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յորդորած է անոնց «տալ ներման, բարութեան մասին վկայութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտէն առ այսօր աշխարհը չէ դադրած ամէնուրեք պատերազմներ մղելէ՝ մենք լաւ կը տեսնենք Պաղեստինը եւ Ուքրանիան, քանի որ մօտ են մեզի։ Դաժանութիւն կայ, շատ անձեր բանտարկուած են քաղաքական դրդապատճառներով, այդ իսկ պատճառով ես կը խնդրեմ խաղաղութեան կամուրջներ: Սա այն շնորհքն է, որ պէտք է խնդրենք Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն, և դուք՝ ֆրանչեսկեաններդ, պէտք է օգնէք կառուցելու համար այս կամուրջները»: Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիմեց Ասսիզիի Վանքի եղբայրներուն՝ «Սուրբ Ֆրանչիսկոս` Իտալիոյ Պաշտպան Սուրբ» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, որ լոյս տեսած է Ամսագիրի յունուարեան համարին մէջ։

Հարցազրոյցը կայացած է անցեալ 29 Դեկտեմբերին՝ Վատիկանի մէջ Սրբազան Հօր ՝ Վանքի Աբբահայր Քարլոս Թրովարելլիին, Պահակ՝ եղբայր Մարքօ Մորոնիին եւ Հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէն՝ եղբայր Ճուլիօ Չեզարէոյին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին։

«Սուրբ Ֆրանչիսկոս բոլորիս, Եկեղեցւոյ համար յատուկ սուրբ է, սուրբ, որ յատուկ կերպով կրկնօրինակած է Յիսուս Քրիստոսին», ուստի եւ «համամիութենական սուրբ է» ըսած է Սրբազան Քահանայապետը առաջին հարցադրումին ի պատասխան եւ շարունակած է ընդգծելով Անոր խոնարհութիւնն ու բարութիւնը, եւ յատկապէս բոլորին համախմբելու ունակութիւնը:

«Ո՞րն է այն պարգեւը, որ Սուրբ Հոգին ֆրանչեսկեաններու միջոցաւ կը ցանկանայ տալ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին» հարցին առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յորդորած է «տալ ներման, բարութեան մասին վկայութիւն»։ «Տէրը չի յոգնիր ներելէն, Ֆրանչիսկոսը մեծ սիրտ ունէր, և նոյնպէս չէր յոգնէր ներելէն» ըսած է Ան:

Իսկ թէ ո՞րն է այն «հիմնարար վերաբերմունքը այսօրեայ փոփոխական դարաշրջանը հաւատքով, իմաստութեամբ եւ սիրով ապրելու համար» Ֆրանչիսկոս Պապը պնդած է․ «խաղաղութեան կամուրջներ կառուցելը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 12:00