Ոտքի ելլենք եւ յանուն Քրիստոսի, յառաջ ընթանանք, որպէսզի աշխարհը հաւատայ

Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթուան եզրափակումին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին նաեւ Հայ Առաքելական երկու Եկեղեցիներու եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 25 Յունուար 2024ի երեկոյեան ժամը 17.30ին Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակող ժամասացութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին էին նաեւ Հայ Առաքելական երկու Եկեղեցիներու եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրէնսգէտի մը Յիսուսին հետ հանդիպումի դրուագին վրայ ու այդ օրէնսգէտին Յիսուսին ուղղած հարցումին «Ի՞նչ ընելու եմ ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը (Ղուկ. 10,25)»։

Աղաղաղուած կրօնականութիւնը

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, թէ այդ հարցումին մէջ կայ «աղաւաղուած կրօնականութիւն, որ հիմնուած է աւելի սեփականութեան վրայ քան նուիրում»ի, ուր Աստուած կը դառնայ միջոց, որպէսզի ձեռք բերեմ այն ինչ որ կ՛ուզեմ եւ ոչ թէ բոլոր սրտով զայն սիրելու նպատակ։

«Ընել ժառանգելու համար, ընել բան մը ունենալու», շեշտեց Քահանայապետը ապա կրկնեց այդ առիթով Յիսուսին արտասանած խօսքերը. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր ոյժովդ եւ բոլոր մտքովդ, եւ ընկերդ քու անձիդ պէս»։

Այս խօսքերուն ի տես օրէնսգէտը ուզելով ինքզինք արդարացնել Յիսուսին հարց կու տայ. «Ո՞վ է իմ ընկերս» եւ Յիսուս անոր կը պատասխանէ Բարի Սամարացիի առակը պատմելով։ «Յիսուսին համար իսկական հարցումը «ո՞վ է իմ ընկերս» չէ այլ «ես կարեկի՞ց եմ» նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Ով է իմ ընկերը՞ս թէ ես կարեկի՞ց եմ

«Միայն այս է սէրը, որ կը դառնայ ձրի ծառայութիւնը, միայն Յիսուսին հռչակած եւ ապրած սէրն է. որ քրիստոնեաները կը մօտեցնէ մէկը միւսին։ Այո միայն այս է սէրը, որ չի նայիր անցեալին, դատապարտելու համար... այլ յանուն Աստուծոյ եղբայրը կը գերադասէ սեփական կրօնական համակարգի երկաթեայ պաշտպանութեան առջեւ, այս է սէրը, որ մեզ պիտի միացնէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց մենք մեզի հարց չտալու թէ ո«՞վ է մեր ընկերը», որովհետեւ իւրաքանչիւր մկրտեալ կը պատկանի Քրիստոսի Մարմնին ու աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր անձ մեր եղբայրը կամ քոյրն է եւ բոլորը կը կազմեն «մարդկութեան համանուագը» որուն Քրիստոս անդրանիկ ու փրկիչն է։

Քահանայապետին հրաւէրը եղաւ առ այդ հարց տալ եթէ մենք կարեկից ենք մեր մերձաւորին, ապա ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի դարձի դրուագին ու հեթանոսներու առաքեալին Յիսուսին ուղղած հարցումին «Ի՞նչ պէտք է ընեմ Տէր» (Գործ Առաքելոց 22,10) եւ հաստատեց, թէ այս է հարցումը զոր պէտք է ուղղենք նաեւ մենք։

«Ի՞նչ պէտք է ընեմ Տէր»

«Սուրբ Պօղոսին դարձը կը ծնի անոր գոյութենական արմատական փոփոխութենէն, ուր առաջնութիւնը վերագրուած է ոչ թէ իր անձնական ունակութիւններուն այլ Աստուծոյ նկատմամբ հնազանդութեան, ու Անոր կամքին նկատմամբ բացուածքին» յարեց հուսկ Քահանայապետը, այս ուղղութեամբ հրաւէր ուղղելով կատարելու մեր Տիրոջ կամքը «որպէսզի բոլորը մէկ ըլլան»։

«Այս ընելու համար հարկաւոր է մէկդի դնել մեր գաղափարներու կեդրոնականութիւնը, որոնելու համար Տիրոջ ձայնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով սրտի դարձին կարեւորութիւնը։

Դարձի գալ եւ աղօթել

«Մինչ կ՛աղօթենք միասին ընդունինք, որ պէտք ունինք դարձի, թոյլ տալու որ Տէրը փոխէ մեր սիրտը։ Այս է ճանապարհը. Քալել միասին, ծառայել միասին, աղօթքը զետեղելով առաջին տեղը», յորդոր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ «ճիշտ ասոր համար է` որ այս գիշեր այստեղ կը գտնուինք տարբեր երկիրներէ, տարբեր մշակոյթներով ու աւանդութիւններով», երախտագիտութիւն արտայայտելով` Քնթըրպուրրիի Առաջնորդ` Գերաշ. Ժասթին Ուելպիի եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչ` Մետրոպոլիտ Փոլիքարփոյի ու միւս բոլոր քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներուն։

Քահանայապետը առ այդ յատուկ ողջոյն ուղղեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Արևելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջև աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնաժողովի անդամներուն, «որոնք կը նշեն իրենց ճանապարհորդութեան քսանամեակը» յարեց Ան ողջունելով նաեւ կաթողիկէ և անկլիքան եպիսկոպոսներուն, որոնք կը մասնակցին Միութեան եւ Առաքելութեան միջազգային յանձնաժողովի հանդիպումին։

Միութեան համար աղօթքը` առաջին պարտականութիւն

Սրբազան Պապը նշեց թէ իր եղբօր Արքեպիսկոպոս Ժասթինի հետ այդ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնեն առաքելութիւնը` «շարունակելու վկայել միութիւնը զոր Աստուած կը փափաքի իր Եկեղեցւոյ համար», միասին տարածելով «Աստուծոյ ողորմութիւնն ու խաղաղութիւնը, կարիքի մէջ գտնուող աշխարհին»։

«Ի՞նչ պէտք է ընեմ Տէր» կրկնեց ապա Քահանայապետը ու հաստատեց որ այս հարցումին պատասխանը «աղօթելն է»։

«Միութեան համար աղօթքը մեր ուղեւորութեան առաջին պարտականութիւնն է» ըսաւ Ան, հրաւիրելով շարունակել աղօթել նաեւ պատերազմներու աւարտին համար, յատկապէս Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրին մէջ։

Ան ապա յատուկէն յիշեց Պուքրինա Ֆազոյի ժողովուրդը ու քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան աղօթքները պատրաստող տեղական համայնքը մաղթելով. որ «մերձաւորին սէրը փոխարինէ բռնութիւնը` որ կը տառապեցնէ այդ Երկիրը»

«Ի՞նչ պէտք է ընեմ Տէր. Եւ Տէրը Պօղոսին կ՛ըսէ «Ոտքի ել եւ շարունակէ»։ «Ոտքի ել կ՛ըսէ Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրիս։ Ոտքի ելլենք ուրեմն եւ յանուն Քրիստոսի, յառաջ ընթանանք, որովհետեւ Ան կ՛ուզէ այս մէկը, Ան կ՛ուզէ «որ աշխարհը հաւատայ»։ Աղօթենք  եւ յառաջ ընթանանք, որովհետեւ այս է այն ինչ որ Աստուած կը պահանջէ մեզմէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 18:51