«Հոգեւոր պայքարը» առանցքը կազմեց Քահանայապետին 2024ի հրապարակային առաջին ունկնդրութեան խորհրդածութեան

Անոնք` որոնք կը կարծեն թէ «կարգին» են վտանգը կայ, որ ապրին խաւարին մէջ, որովհետեւ յագեցած են մութով ու չեն գիտեր զանազանել չարը բարիէն» նշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` որ «Բոլորս պէտք է հայցենք Աստուծմէ շնորհքը մենք մեզ ճանչնալու որպէս մեղաւորներ, որոնք կարիքը ունին դարձի, մեր սրտին մէջ պահելով վստահութիւնը, թէ ոչ մէկ մեղք մեծ է Հայր Աստուծոյ անհուն ողորմութեան համար»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ մասնակցութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներու, գլխաւորեց նոր տարուայ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց անցեալ շաբաթ ներկայացուցած «Առաքինութիւններ եւ մոլութիւններ» նիւթով խորհրդածութիւններու շարքը, այս անգամ որպէս նիւթ ընտրելով «Հոգեւոր Պայքարը»։

Քրիստոնէական կեանքը յարատեւ պայքար է չարին դէմ

«Քրիստոնեային հոգեւոր կեանքը անդորր ու առանց մարտահրաւէրներու կեանք մը չէ, ընդհակառակը, ան կը պահանջէ շարունակական պայքար, պայքար պահպանելու հաւատքը ու մեր մէջ հաւատքի պարգեւը հարստացնելու համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հին ժամանակներուն երբ ըմբիշներուն մարմինը խաղէն առաջ կը սրսկուէր իւղով, «ըլլայ մկանները աշխուժացնելու, ըլլայ այնպէս ընելու որ անոր մարմինը խուսափի հակառակորդի ձեռքերէն» յարեց ան մատնանշելով «քրիստոնեայի մկրտութեան ընթացքին մկրտեալին օծումին» որ ըսաւ Ան «կը նշանակէ, թէ քրիստոնեայէն պակաս չէ պայքարը, որովհետեւ կեանքը փորձութիւններու և փորձանքներու յաջորդականութիւն է: Անիկա պայքար մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ մշտապէս բայց ճիշտ այդ պայքարին մէջ է, որ կը գտնուի փրկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Սուրբ Անտոն Աբբահօր վերագրուած մէկ խօսքին. «փորձութիւնները վերացուր եւ ոչ մէկը պիտի փրկուի»։

Ոչ մէկը զերծ է փորձութիւններէ

«Սուրբերը եւս զերծ չեն փորձութիւններէն, բայց անոնք կը գիտակցին, որ չարին փորձութիւնները բազմիցս կը յայտնուին իրենց կեանքին մէջ, և որ անհրաժեշտ է մերկացնել և դիմակայել զանոնք:

Իսկ անոնք` որոնք կը կարծեն թէ «կարգին» են վտանգը կայ, որ ապրին խաւարին մէջ, որովհետեւ յագեցած են մութով ու չեն գիտեր զանազանել չարը բարիէն» նշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` որ «Բոլորս պէտք է հայցենք Աստուծմէ շնորհքը մենք մեզ ճանչնալու որպէս մեղաւորներ, որոնք կարիքը ունին դարձի, մեր սրտին մէջ պահելով վստահութիւնը, թէ ոչ մէկ մեղք մեծ է Հայր Աստուծոյ անհուն ողորմութեան համար»։

«Նոյնինքն Յիսուս, որ թէեւ առանց մեղքի էր, ուզեց մկրտուիլ Յորդանան գետին մէջ եւ ուզեց նաեւ փորձուիլ, որպէսզի զօրակից ըլլայ մեր մարդկային դիւրաբեկ բնութեան հետ։ Ան արդարեւ փորձարկեց այն ինչ` որ մենք պէտք ենք պատրաստուիլ դիմագրաւել, որովհետեւ կեանքը կազմուած է մարտահրաւէրներէ, փորձանքներէ, խաչմերուկներէ, իրար հակազդող տեսլականներէ, թաքնուած խաբէութիւններէ ու հակասական ձայներէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երբեք չի մոռնալ որ Յիսուս միշտ մեր կողքին է։

Խաւար պահերուն դիմենք Յիսուսին ու ներում հայցենք

«Խաւար պահերուն, երբ մենք մեղքի մէջ կ՛իյնանք, Յիսուս մեզի մօտիկ է, որպէսզի օգնէ ու վերականգնէ մեզ եւ այս մէկը մխիթարական է» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտելով` որ «Յիսուս երբեք չի մոռնար մեզի ներում շնորհել սակայն մենք ենք որ շատ անգամ կը մոռնանք այդ ներումը հայցելու» եւ այս առնչութեամբ հրաւիրեց, որ ժամանակ գտնենք զրուցելու Յիսուսին հետ Անորմէ խնդրելով` որ մեզմէ չի հեռանայ»։

Պէտք է` որ ներքին արթնութիւնը պահպանենք ընտրելու համար այն ճանապարհը, որ իսկապէս կը տանի մեզ դէպի երջանկութիւնը... Յիշենք, որ մենք միշտ կը գտնուինք իրար հակառակ ծայրայեղութիւններու միջև. հպարտութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ խոնարհութեան. Ատելութիւնը կը հակադրուի սիրոյն. տխրութիւնը կը խոչընդոտէ Հոգիին իսկական ուրախութիւնը. սրտի կարծրութիւնը կը մերժէ ողորմութիւնը:

Ուստի կարեւոր է խորհրդածել մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին։ Եւ Հոգեւոր պայքարը մեզ կը մղէ մօտէն դիտելու մեզ շղթայող մոլութիւնները և Աստուծոյ շնորհքով քալելու դէպի առաքինութիւնները, որոնք կարող են ծաղկիլ մեր մէջ, բերելով Սուրբ Հոգիին գարունը մեր կեանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2024, 09:15

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >