2024.01.12 Partecipanti al Simposio "Université des Communicants en Eglise"

«Հաղորդակցութիւնը աւելի յստակ է եթէ կը կատարուի սիրոյ աչքերով սրտով». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր ժամանակի տրտունջներու եւ էականը տեսնելու անկարողութեան մէջ կը բացայայտենք, որ այն, ինչ որ մեզ կը միաւորէ, միշտ աւելի մեծ է, քան ան որ մեզ բաժանէ և զոր պէտք է հաղորդել սէրէն բխող ստեղծագործութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ամէն բան աւելի յստակ կը դառնայ եթէ մեկնինք սրտէ մը` որ կը տեսնէ սիրով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 12 Յունուար 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց` Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած “Université des Communicants en Église” գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Անոնցմէ շատերը արդարեւ Ֆրանսայի եկեղեցական Թեմերու, կրօնական հաստատունութիւններու ու կաթողիկէ շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու հաղորդակցութեան պատասխանատուներ են։

Հանդիպման սկիզբը եւ տրուած ըլլալով, որ սոյն հանդիպումը օրուան վերջինն էր Սրբազան Պապը ներկաներուն խօսքը ուղղելով յայտնեց թէ յոգնած է ու պիտի չկարենայ ճառը կարդալ, որովհետեւ քիչ ցնցղատապ (պրոնշիթ) ունի։ Եթէ չէք նեղուիր ձեզի պիտի յանձնեմ գրաւոր ճառը։ Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան ու ձեր աշխատանքին համար. որովհետեւ դիւրին չէ հաղորդելը, բայ առաջին բանը` որ անձ մը կը կատարէ հաղորդելն է, Ադամը երբ Եւան տեսաւ անոր հետ հաղորդակցեցաւ։ Հաղորդակցութիւնը գոյութիւն ունեցող ամենամարդկային բանն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Իսկ ներկաներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Պապը ընդգծած է ներկաներուն հաղորդակցութեան յատուկ առաքելութիւնը` որ «մեծ առաքելութիւն է, մեծապէս իրար փոխկապուած ու տեղեկատւութեամբ ռմբակոծուած աշխարհի մը մէջ»։

Վերադառնալ արմատներուն

«Ասոր համար է` որ դուք որոշեցիք ժամանակ առ ժամանակ կանգ առնել՝ այս անգամ Հռոմի մէջ, կիսելու, աղօթելու եւ լսելու համար» կը կարդանք գրութեան մէջ ուր շեշտուած է այսպիսի պահերուն կարեւորութիւնը` «վերագտնելու համար մեր հաղորդածին արմատները, ճշմարտութիւնը, որ կոչուած ենք վկայել, հաղորդութիւնը, որ մեզ կը միացնէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ»։

Տեսնել սրտով

Սրբազան Պապը կը զգուշացնէ ներկաները հաղորդակցութիւնը դիմագրաւելու աշխարհիկ մտայնութեամբ` կառավարելու, իշխանութեան ու յաջողութիւն ձեռք բերելու մոլուցքով, ասոնց դիմաց առաջարկելով այլ տեսակ հաղորդակցութիւն մը, իրականացՈՒած սրտով, «մտիկ ընել սրտով, տեսնել սրտով բաներ` զոր ուրիշները չեն տեսներ, որպէսզի կիսենք ու պատմենք զանոնք, շրջելով աշխարհի հեռանկարները ու կարգերը»։

Բաժնեկցութեան ցանց

«Մենք կարիքը ունինք վերսկսելու սրտէն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ներկաներուն կազմակերպած տարբեր հանդիպումներուն Ֆրանսայի զանազան սրբավայրերուն մէջ, ու դիտել տալով, որ «հաղորդելը մեզի համար, մեր ձայնով ուրիշներուն ձայնը ծածկելը չէ, քարոզչութիւն ընել չէ, այլ շատ անգամ նաեւ լռել է….անիկա ամէն բան կազմակերպութեան վրայ կեդրոնացնել չէ...մեզի համար կը նշանակէ ըլլալ աշխարհի մէջ, միւսին ու միւսներուն հոգերը մեր վրայ առնելու համար...կը նշանակէ իրադարձութիւնները կարդալ քրիստոնէական ակնարկով...կառուցել բարիին, ճշմարիտին ու գեղեցիկին բաժնեկցութեան ցանց մը, որ կազմուած է անկեղծ յարաբերութիւններով եւ մեր հաղորդակցութեան մէջ ներգրաւել է նաեւ երիտասարդները»։

Ճառին երկրորդ մասին մէջ Սրբազան Պապը ներկաներուն կը փոխանցէ ուղեւորութեան հետքերուն հայող երեք բառեր` վկայութիւնը, քաջութիւնն ու լայն հայեացքը։

Վկայութիւնը

Հարկաւոր է յիշել, թէ հաղորդակցութիւնը ամենէն առաջ վկայութիւն է։ «Ան է` որ մեզի հաւատալի կը դարձնէ ու նաեւ … աւելի գրաւիչ կը դարձնէ հաղորդակցութեան ցանցը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Ֆրանսայի մէջ մանկապղծութեան հարցին ու անկէ բխած «բիւրեղացման ուղեւորութեան», ու կը քաջալերելէ ներկաները յառաջ ընթանալու ու հաղորդակցութեան միջոցաւ կիսելու բարին, որ կը կատարուի թեմերէն ներս ու նաեւ կառուցելու Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութիւնը ու աշխարհի մէջ եղբայրութիւնը։ «Եղէք ստեղծագործ, եղէք հիւրընկալ։ Ընկերութիւնը կարիքը ունին ունկնդրելու Եկեղեցւոյ ձայնը, որպէս բոլորին սիրալիր Մայր մը»։

Քաջութիւնը

Սրբազան Պապը կը խրախուսէ հուսկ ներկաները վախ չունենալու եւ ըլլալու քաջ։ «Քաջութիւն, որ կու գայ հեզութենէն եւ մասնագիտական լրջութենէն, և որ ձեր հաղորդակցութիւնը կը դարձնէ միահամուռ ցանց մը, որ միաժամանակ բաց, ելքային է» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով. «Գիտեմ` որ այս մէկը դիւրին չէ բայց ասիկա ձմեր առաքելութիւնն է» ապա կը յորդորէ կիսել նաեւ «Աւետարանի ուրախութիւնը, սէրը` որ մեզի ճանչցնել կու տայ Աստուած ու հասկնալ կեանքը»։

Լայն հայեացք

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ լայն հայեացք ունենալու մասին հրաւիրելով նայիլ դէպի հեռուն...

«Մեր ժամանակի տրտունջներու եւ էականը տեսնելու անկարողութեան մէջ կը բացայայտենք, որ այն, ինչ որ մեզ կը միաւորէ, միշտ աւելի մեծ է, քան ան որ մեզ բաժանէ և զոր պէտք է հաղորդել սէրէն բխող ստեղծագործութեամբ... ամէն բան աւելի յստակ կը դառնայ եթէ մեկնինք սրտէ մը` որ կը տեսնէ սիրով» եղան Նորին Սրբութեան գրաւոր ճառին եզրափակիչ իր օրհնութիւններուն միացած խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2024, 12:45