Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ֆինլանտիայէն համամիութենական պատուիրակութիւն մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ֆինլանտիայէն համամիութենական պատուիրակութիւն մը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիշենք սուրբերը մեր հաւատքը ամրապնդելու համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայէն համամիութենական պատուիրակութեան մը անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 19 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայէն համամիութենական պատուիրակութեան մը անդամները ու անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց, Սուրբ Էնրիքոյի տօնին առթիւ՝ անոնց Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց արքեպիսկոպոս Ասթրանտիի ու անոր փոխանցած պատգամին համար ըսելով. «Իբրեւ մկրտուածներու հասարակութեան անդամներ կը գտնուինք ուղեւորութեան մը մէջ եւ մեր ընդհանուր նպատակը Յիսուս Քրիստոսն է ու այս նպատակը անհասանելի չէ, որովհետեւ Տէրը մեզի հանդիպեցաւ ողորմութեան մէջ եւ նեցուկ կանգնեցաւ Մարմնաւորման մէջ ու դարձաւ միեւնոյն ճանապարհը, որպէսզի մենք կարողանանք ապահով քալել աշխարհի կեղծ ուղղութիւններու եւ խաչմերուկներու միջեւ», ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով, որ «սուրբերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք անցան այդ ճանապարհէն եւ նպատակին հասան»։

Նորին Սրբութիւնը ապա Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, «որովհետեւ եղած են պահեր, երբ սուրբերու պաշտամունքը կարծես թէ բաժանում կը ստեղծէր քան թէ միութիւն՝ մէկ կողմէ օրթոտոքս եւ կաթողիկէ միւս կողմէ Աւետարանական հաւատացեալները», ըսաւ Սրբազան Հայրը,  Ան ապա յիշեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը, որուն մէջ կը յորդորէ «Սուրբերը պէտք են յիշուիլ մեր հաւատքը ամրապնդելու համար՝ երբ կը տեսնենք թէ ինչպէս շնորհքը ստացան եւ ինչպէս անոնց հաւատքը օգնեց զիրենք, ինչպէս նաեւ անոնց բարի գործերէն օրինակ առնել։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար նշելով, որ սա կենդանի նշան մը է, երէկ՝ սկիզբ առած եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան ոլորտէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց, որ այս համամիութենական հանդիպումը միշտ ունենայ Սուրբ Հոգիին կենսական աւիշը եւ բաց ըլլայ ընդունելու աղքատ եղբայրներն ու մոռցուածները, ինչպէս նաեւ անոնք որոնց լքուած կը զգան Աստուծմէ, որոնք կորսնցուցին հաւատքի եւ յոյսի ուղին։

Նորին Սրբութիւնը պատգամ աւարտեց խնդրելով, որ Տէրունական Հայր մեր աղօթքը արտասանեն, իւրաքանչիւրը իր յատուկ լեզուով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 09:57