Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ աղօթել եկեղեցւոյ մէջ բազմազանութեան պարգեւին համար

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» հիմնարկը հրապարակեց յունուար ամուայ աղօթքի դիտաւորութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապին տեսերզիը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պապին աղօթքի Համաշխարհային Ցանց», Քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապին տեսերիզը։

«Յունուար ամսուան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ ճանչնալու տարբեր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն բազմազանութիւններուն պարգեւը եւ բացայայտելու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր ծիսական աւանդութիւններուն հարստութիւնը», կը կարդանք «Պապին աղօթքի Համաշխարհային Ցանց» հաստատութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է նաեւ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը ճանչնայ արեւելեան եկեղեցիներուն ներդրումը նշելով որ Արեւելեան եկեղիցները ունին որոշ յատուկ աւանդութիւններ եւ ծիսական արարողութիւններ, սակայն կը պահպանեն ու կ՝ամրապնդեն հաւատքի միութիւնը։

Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.

«Մենք պէտք չէ վախնանք եկեղեցւոյ մէջ շնորհապարգեւներու բազմազանութենէն։ Ընդհակառակը, պէտք է ուրախանանք այս բազմազանութիւնը ապրելու համար։

Արդեն առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններու մէջ բազմազանութիւնն ու միութիւնը շատ ներկայ ու լարուած էին, որոնք բարձր մակարդակով լուծումի կարիքը ունէին։

Բայց կար աւելին։ Հաւատքի ճանապարհով յառաջ երթալու համար, մենք պէտք ունինք նաեւ համամիութենական երկխօսութեան տարբեր հասարակութիւններու եւ դաւանանքներու մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ։

Ոչ թէ որպէս բան մը, որ կը շփոթեցնէ եւ անյարմարութիւն կը ստեղծէ, այլ որպէս պարգեւ, որ Աստուած կը շնորհէ քրիստոնեայ հասարակութեան, որպէսցի ան աճի իբրեւ մէկ մարմին՝ Քրիստոսի մարմինը։

Մտածենք օրինակի համար Արեւելեան եկեղեցիներուն։ Անոնք ունին իրենց աւանդութիւնները, որոշ յատուկ ծիսական արարողութիւններ, սակայն անոնք կը պահպանեն հաւատքի միութիւնը, զայն կ՝ամրացնեն եւ չեն բաժներ։

Եթէ մենք մեզի թոյլ տանք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիի կողմէն, հարստութիւնը, տարբերութիւնն ու բազմազանութիւնը երբեք չեն դառնար հակամարտութեան պատճառ։

Սուրբ Հոգին մեզի կը յիշեցնէ թէ առաջին հերթին, մենք Աստուծմէ սիրուած զաւակներն ենք։ Բոլորս հաւասար Աստուծոյ սիրոյ մէջ ու բոլորս տարբեր։

Աղօթենք որպէսզի Սուրբ Հոգին մեզի օգնէ ճանչնալու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ տարբեր շնորհապարգեւներուն պարգեւը ինչպէս նաեւ բացայայտելու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ տարբեր ծիսական աւանդութիւններու հարստութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2024, 16:00