TV2000 եւ  Radio in Blu հաղորդամիջոցներու ղեկաւարներն ու պաշտօնեանեըր TV2000 եւ Radio in Blu հաղորդամիջոցներու ղեկաւարներն ու պաշտօնեանեըր  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մերձեցում, սիրտ եւ պատասխանատուութիւն՝ հաղորդակցութեան ուղեցոյցները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց TV 2000 եւ inBlu ռատիոկայանի ղեկավարներն ու պաշտօնեաները, որոնց հրաւիրեց պատմել գեղեցիկն ու բարի եւ առաձնաշնորհել ընկերութեան եզրին գտնուող անձերուն պատմութիւններուն, ժամանակաշրջանի մէջ ուր հաղորդակցութիւնը տափակ դառնալու վտանգի մէջ է

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց TV 2000 եւ inBlu ռատիոկայանի ղեկավարներն ու պաշտօնեաները, երկու հաղորդամիջոցներուն հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, որոնց ընկերացած էր Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ընդհանուր քարտուղար, գերապայծառ Ճուզէփփէ Պաթուրին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «TV 2000,  inBlu, Avvenire» օրաթերթը ու «Sir» հաղորդամիջոցները շօշափելի կերպով կը պատկանին եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, «ինչ որ սահմանափակում մը չէ, ընդհակառակը մեծ ազատութեան արտայայտութիւն է, որովհետեւ կը յիշեցնէ որ հաղորդակցութիւնն ու տեղեկատուութիւնը միշտ իրենց արմատները ունին մարդկութեան արմատներուն մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերու վրայ։

Առաջին մերձեցում, մերձակաւոր ըլլալ

«Ամէն օր հեռուստակայանի եւ Ռատիոյի միջոցաւ նեցուկ կը կանգնիք բազմաթիւ անձերու, որոնք ձեր մէջ կը գտնեն բարեկամներ՝ տեղեկատուութիւն ստանալու համար, անցնելով հաճելի պահեր կամ ալ բացայայտելով իրականութիւն մը, փորձառութիւններ եւ նոր վայրեր» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկն է մերձեցումը ու երեք բաներ մեզի ցոյց կու տան Աստուած տեսնել. մերձեցում, քնքշութիւն, որովհետեւ Աստուած քնքուշ է եւ կարեկցութիւն, որովհետեւ Աստուած միշտ կը ներէ»։

Երկրորդ՝ սիրտը

Նորին Սրբութիւն նշեց որ կարելի չէ դիտարկել իրողութիւնը մը, կարելի չէ մէկու մը հետ հարցազրոյց կատարել ու կարելի չէ բան մը պատմել եւ թէ ոչ սիրտէն սկսեալ։ «Իրականութեան մէջ հաղորդակցիլը չլուծուիր տեսութեան կամ թեքնիկական փոխանցումին մէջ, անիկա արուեստ է որ իր կեդրոնը ունի «սիրտի կարողութիւնը որ հնարաւոր կը դարձնէ մերձեցումը», (Esort. ap. Evangelii gaudium, 171)։

Երրորդ՝ պատասխանատուութիւն

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ իւրաքանչիւրը ամէն բան պէտք է կատարէ երաշխաւորելու համար որ հաղորդակցութեան որեւէ ձեւ նպատակէտ ըլլայ, յարգելից ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ եւ ուշադիր ընհդանուր բարօրութեան ու այս ձեւով կարելի է անտարբերութիւնը կերպարանափոխել հիւրընկալութեան եւ յարաբերութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց անդրադառնալով TV 2000 եւ inBlu հաղորդամիջոցներուն նոր ծրագիրին մաղթելով, որ անիկա նպաստէ եւ հաղորդէ մերձաւորութեամբ, սիրտով եւ պատասխանատուութեամբ, քաջալերեց յիշելու հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տի Սալեսի խօսքը, «Մեր գործերու մեծութեամբ չէ որ Աստուած մեզի պիտի սիրէ, այլ սիրոյ համար որուն միջոցաւ կը կատարենք»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2024, 12:47