Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղազախստանի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղազախստանի նախագահը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղազախստանի նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ղազախստանի նախագահին միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 19 յունուարին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղազախստանի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայէվ, նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հետ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հանդիպումները տեղի ունեցան Պետական քարտուղարութեան մէջ սիրալիր մթնոլորտին մէջ, որուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուած է Սուրբ Աթոռի եւ Ղազախստանի միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն համար յատուկէն անդրադարձ կատարուած  միջ կրօնական երկխօսութեան ոլորտէն ներս կայացած  փոխ համագործակցութեան մաղթանք յայտնելով որ ազգային կեանքէն ներս հաւատացեալները աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենան ընդհանուր բարօրութեան ի նպաստ։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային եւ ագային նիւթեր, յատուկէն կեդրոնանալով մարդասիրական եւ հակամարտութիւններուն հարցերուն վրայ եւ ընդգծելով աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման հրատապ յանձնառութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 12:26