Որոնել

Աղօթենք Մարիամին` որպէսզի աշխարհին մէջ բանանք խաղաղութեան եւ հաշտութեան արահետներ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր մայրերը եւս, իրենց թաքուն հոգատարութեամբ, իրենց մտահոգութեամբ յաճախ լռութեան տաճարներ են։ Անոնք մեզ աշխարհ կը բերեն ու կը շարունակեն մեզի հետեւիլ, յաճախ թաքուն կերպով, որպէսզի մենք կարողանանք աճիլ։ Յիշենք այս մէկը, սէրը երբեք չի խեղդեր, սէրը տեղ կը բանայ միւսին և զայն կ՛աճեցնէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունուար մէկ, տարուան առաջին օր, Աստուծմէ մեզի պարգեւուած ապրելու նոր ժամանակ, զոր այսօր` Ամենասուրբ Աստուածամօր տօնին առիթով, պէտք է դնենք Մարիամի հովանիին տակ։ Տարուան առաջին Մարեմեան աղօթքին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը այս հրաւէրը ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն ու յատկապէս անոնց որոնք կը գտնուէին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ յատուկ կերպով շեշտը դնելով Սուրբ Կոյսին լռելեան վերաբերմունքին վրայ, որ ըսաւ Ան «բառերու պակասի մասին չէ խօսքը, այլ զարմանքով ու փառաբանութեամբ լի լռութիւն մը` ի տես Աստուծոյ գործած հրաշալիքներուն»։ «Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր» կը գրէ Ղուկաս Աւետարանիչը յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով որ «այս ձեւով է որ Ան իր մէջ տեղ բացաւ Անոր որ ծնաւ»։

Սէրը չի խեղդեր

«Մարիամ Մայր է` որովհետեւ ի լոյս ընծայեց Որդին, առանց գրաւելու անոր տեղը» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով թէ Մարիամ այդ մէկը ըրաւ նաեւ խաչի խաւար պահուն ընթացքին հուսկ ակնարկեց Հայր Տավիտ Մարիա Թուրոլտոյին որ Սուրբ Կոյսը որակած էր «լռութեան տաճար» ուր Աստուած ու մարդկութիւնը կարող են իրարու հանդիպիլ» եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց. «Մեր մայրերը եւս, իրենց թաքուն հոգատարութեամբ, իրենց մտահոգութեամբ յաճախ լռութեան տաճարներ են։ Անոնք մեզ աշխարհ կը բերեն ու կը շարունակեն մեզի հետեւիլ, յաճախ թաքուն կերպով, որպէսզի մենք կարողանանք աճիլ։ Յիշենք այս մէկը, սէրը երբեք չի խեղդեր, սէրը տեղ կը բանայ միւսին և զայն կ՛աճեցնէ»։

Մայրերէն սորվինք սէրը

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց առ այդ նայելու մայրերուն անոնցմէ սորվելով սէրը` որ «միւսին տեղ կը բանայ, կը յարգէ»...«մենք մեծ կարիքն ունինք այս մէկուն այսօր», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յղում կատարեց այսօր յիշատակուող խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով հրատարակած պատգամին. «Ազատութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը վտանգուած են, երբ մարդ արարածը ինքզինք տուած է եսասիրութեան, սեփական շահի, շահի ձգտման և իշխանութեան ծարաւին»։ Մինչ սէրը կազմուած է յարգանքով եւ բարութեամբ։

«Աղօթենք Աստուծոյ Մօր ու մեր Մօրը, որպէսզի նոր տարուան մէջ, մենք աճինք այս հեզ, լուռ և ամփոփ սիրոյ մէջ, որ կեանք կը ծնի և աշխարհին մէջ բանանք խաղաղութեան ու հաշտութեան ճանապարհներ» եղաւ Նորին Սրբութեան 2024 տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան վերջին յորդորը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2024, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >