Ֆրանչիսկոս Պապը՝  «Real Club de Tenis Barcelona» ակումբի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ «Real Club de Tenis Barcelona» ակումբի անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Կեանքը՝ ինչպէս մարմնամարզութիւնը, մարտահրաւէր է, որ թոյլ կու տայ բարելաւել մենք զմեզ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Real Club de Tenis Barcelona» ակումբի պատուիրակութեան անդամները, որոնց ուղղած պատգամին մէջ նշեց որ «նոյնիսկ երբ կը խաղանք «միայնակ», միշտ Տիրոջ ներկայութեամբ ենք, որ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչ կը նշանակէ յարգանք, հասկացողութիւն եւ ուրիշներու հետ մշտական շփման անհրաժեշտութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Երկուշաբթի 29 Յունուարին ընդունեց «Real Club de Tenis Barcelona» ակումբի պատուիրակութեան անդամները՝ անոր հիմնադրումի 125ի ամեակին առթիւ։

Մինչեւ անոնց ուղղած բուն պատգամը սկսիլը, Ան շնորհաւորեց իտալացիները նախորդ օրը Աւստրալիոյ մէջ թենիսի մրցաշարքին տարած յաղթանակի կապակցութեամբ։

Սրբազան Պապը ապա ընդգծեց մարմնամարզութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ իւրաքանչիւր անձի եւ հասարակութեան աճին համար։

Մրցաձեւ, որ բաց է այլ մշակոյթներուն

Թենիսի պարագային կը թուի թէ խաղացողներու միջեւ մարտահրաւէրն առաջին հերթին կապուած է հակառակորդին գերակշռելու ցանկութեան հետ, քանի որ անհատական կամ զոյգերէն բաղկացած մրցաձեւ է, «սակայն՝ նայելով վերոնշեալ ակումբի պատմութեան, կը նկատենք, որ այդպէս չէ, ընդհակառակը, բաց է այլ մշակոյթներուն, ինչը անոնց թոյլ կու տայ ստեղծել նոր իրողութիւններ», ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հաստատեց, որ․ «Թենիսի մէջ, ինչպէս կեանքին մէջ, չենք կարող միշտ յաղթել, բայց այդ մարտահրաւէրը հարստացնող կարող է ըլլալ, եթէ, խաղալով քաղաքավարի կերպով եւ կանոններու համաձայն, սորվինք, որ անիկայ կռիւ չէ, այլ երկխօսութիւն, որ թոյլ կու տայ բարելաւել մենք զմեզ»։

Միշտ Տիրոջ հետ ենք

Նորին Սրբութիւնը աւելցուց նաեւ, որ «նոյնիսկ երբ կը խաղանք «միայնակ», մենք միշտ Տիրոջ ներկայութեամբ ենք, որ մեզ կը սորվեցնէ, թէ ինչ կը նշանակէ յարգանք, հասկացողութիւն եւ ուրիշներու հետ մշտական ​​շփման անհրաժեշտութիւն»։

Աւարտին Նորին Սրբութիւնը, յատուկէն ընդգծելով, որ չկայ առաւել կարեւոր բան, քան մարդկային եւ հոգեւոր զարգացումը, յորդորեց մանուկներուն հետ աշխատելու ընթացքին հոգ տանիլ անոնց, որպէսզի մարզումներու պահանջները գերակայող չըլլան անոնց համապարփակ աճի նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2024, 11:48