2024.01.07 Santa Messa nella festa del Battesimo di Gesu', con il Battesimo di alcuni neonati

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները նուիրուած խաղաղութեան

Քահանայապետը կոչ ու հրաւէր կ՛ ուղղէ նայելու պատերազմի զոհերու աչքերուն, որոնց միջոցաւ ի յայտ պիտի գայ, թէ պատերազմը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ դաժանութիւն, «անիմաստ սպանդ մը` որ կը հարուածէ այս երկրի վրայ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 9 Յունուար 2024ին Քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ հրատարակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին երկու գրառումներ հայող պատերազմին ու խաղաղութեան ու մասնաւորապէս պատերազմներու զոհերուն, որոնք ընդհանրապէս անմեղ քաղաքացիներ են զոր Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ չի նկատել որպէս «գրաւային վնասներ» այլ մարդիկ եւ կիներ, անուն մականունով, յատուկ պատմութեամբ...«անհատներ, որոնք կը տառապին անօթութենէ, ծարաւէ, ու ցուրտէ կամ կը դառնան հաշմանդամ» կ՛աւելցնէ Քահանայապետը, որ երկրորդ թուիթին մէջ կոչ ու հրաւէր կ՛ ուղղէ նայելու պատերազմի զոհերու աչքերուն, որոնց միջոցաւ ի յայտ պիտի գայ, թէ պատերազմը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ դաժանութիւն, «անիմաստ սպանդ մը` որ կը հարուածէ այս երկրի վրայ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնը»։

Հրատարակուած թուիթներուն մէջ կը կարդանք.

«Անմեղ քաղաքացիները «գրաւային վնասներ» չեն։ Անոնք մարդիկ ու կիներ են, անուն մականունով, որոնք իրենց կեանքը կը կորսնցնեն։ Անոնք մանուկներ են, որոնք կը մնան որբ եւ զերծ ապագայէ։ Անոնք անհատներ են, որոնք կը տառապին անօթութենէ, ծարաւէ, ու ցուրտէ կամ կը դառնան հաշմանդամ»։ #Խաղաղութիւն

ապա

«Եթէ կարողանայինք նայիլ պատերազմի զոհերու աչքերուն ու վերատեսել իրենց անձնական պատմութիւնը, պատերազմը պիտի դիտէինք իր էութեան մէջ. մեծ ողբերգութիւն, անիմաստ սպանդ, որ կը հարուածէ այս երկրի վրայ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնը»։ #Խաղաղութիւն

Յայտնենք` որ սոյն թուիթներուն պարունակութիւնը քաղուած է Քահանայապետին երէկ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած երկարաշունչ ճառէն որ տեւեց գրեթէ 43 վայրկեան եւ որուն ընթացքին Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Ատրպէյճանական հարցին «խրախուսելով կողմերը հասնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման» ու կոչ ուղղելով «լուծում գտնելու այդ շրջանի բնակիչներու ողբերգական մարդասիրական իրավիճակին, խթանելով տեղահաններուն վերադարձը իրենց տուները, օրինականութեան եւ անվտանգութեան մէջ» ինչպէս նաեւ «յարգելու այնտեղ ներկայ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 13:30