2024.01.22 S.E. il Signor José Ramos-Horta, Presidente della Repubblica di Timor Orientale

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Թիմոր Լեսթէի ժողովրդավարական հանրապետութեան նախագահին

Քահանայապետին եւ Թիմոր Լեսթի նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց 35 վայրկեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր` 22 Յունուար 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ, ունկնդրութիւնը շնորհեց Թիմոր Լեսթէի ժողովրդավարական հանրապետութեան նախագահ` Տիար Խօսէ Մանուել Ռամոս Հորթային, որ ապա հանդիպեցաւ Վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղար, եւ Գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակէրին հետ, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ ու նաեւ կը նշուի թէ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին, ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր Լեսթի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը` զոր ամէն օր կը նուիրէ Երկրին, մատնանշելով նաեւ Իշխանութիւններու հետ բարի յարաբերութիւնները։

«Այնուհետև զրոյցը կենտրոնացաւ երկրի տնտեսական և սոցիալական իրավիճակի որոշ երեւոյթներու և տարածաշրջանին մէջ կլիմայի փոփոխութեան պատճառած խնդիրների վրայ» կը կարդան միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ թէ զրոյցին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մտքերու փոխանակում միջազգային և տարածաշրջանային տնտեսական իրավիճակի վրայ՝ յղում կատարելով Ասիայի Հարաւարևելեան երկիրներուն։

Քահանայապետին եւ Թիմոր Լեսթի նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց 35 վայրկեան:

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 13:43