VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

«Թող ստեղծուին լուծումի մը դիւանագիտական պայմաններ` արդար ու տեւական խաղաղութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ափրիկեան մի քանի երկիրներուն մէջ ապրուած տգանապները, կոչ ուղղեց վերջ դնելու պատերազմին ու յանձնառու ըլլալու ի սպաս բնապահպանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երէկ` 24 Փետրուարին ցաւով յիշեցինք Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տարեդարձը։ Որքան զոհեր, վիրաւորներ, կործանում, տառապանք, արցունքներ, ժամանակահատուածի մը ընթացքին, որ ահաւոր կերպով կ՛երկարի եւ որուն աւարտը տակաւին տեսանելի չէ». Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ ողջոյնի խօսքը ուղղուած Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, որոնք մասնակցեցան 25 Փետրուարի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին։

Պատերազմէն յառաջացած վախի եւ ատելութեան ալիք

«Պատերազմ մըն է` որ ոչ միայն զգետնեց Եւրոպայի այդ տարածաշրջանը, այլ կը յառաջացնէ վախի եւ ատելութեան ընդհանրական ալիք մը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նորոգելով իր սէրը հանդէպ մարտիրոս ուքրանիոյ ժողովուրդին եւ աղօթքը բոլորին, «յատկապէս անմեղ զոհերուն համար»։

«Ես կ՛աղաչեմ, որ գտնուի մարդկութեան այն մասնիկը, որ թոյլ տայ ստեղծելու դիւանագիտական ​​լուծման պայմաններ՝ արդար և տեւական խաղաղութեան փնտռտուքով» յարեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ չմոռնալ աղօթելու Պաղեստինի, Իսրայէլի և պատերազմէ յօշոտուած բազմաթիւ ժողովուրդներուն համար և շօշափելի օգնութիւն մատուցելու անոնց` որոնք կը տառապին:

Կոչ Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ բռնութիւններու դադրեցումին համար

«Մտածենք տառապանքին, մտածենք վիրաւոր, անմեղ երեխաներուն» խրախուսեց Քահանայապետը ապա նշեց թէ «մտահոգութեամբ կը հետեւի Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան արեւելեան շրջանի մէջ բռնութեան աճումին» եւ ասկէ մեկնելով միացաւ տեղական եպիսկոպոսներու աղօթքին ի նպաստ խաղաղութեան, մաղթելով նաեւ որ դադրին հակամարտութիւնները եւ որոնուի անկեղծ ու կառուցողական երկխօսութիւնը»։

Նիճերիա

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մտահոգութիւն արտայայտեց նաեւ Նիճերիոյ մէջ տեղի ունեցող յաճախակի առեւանգումներուն համար իր մօտիկութիւնը արտայայտելով եւ աղօթքը ապահովեցնելով նիճերիոյ ժողովուրդին ու մաղթեց, որ ջանքեր գործադրուին այդ իրադարձութիւնները զսպելու համար։

Մոնկոլիա եւ բնապահպանութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ մօտիկութիւնը արտայայտեց Մոկոլիայի բնակչութեան, որ թիրախ է խիտ ցուրտի մը ալիքին, որ «մարդասիրական ծանր հետեւանքներ կը յառաջացնէ» ըսաւ Ան դիտել տալով, թէ «այս ծայրայեղ երեւոյթը եւս նշան է կլիմայական փոփոխութեան ու անոր հետեւանքներուն»։

«Կլիմայական ճգնաժամը ընդհանուր սոցիալական խնդիր է, որ խոր ազդեցութիւն ունի բազմաթիւ եղբայրներու և քոյրերուն վրայ, յատկապէս ամենախոցելիներու կեանքին վրայ» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց «աղօթել որպէսզի կատարուին քաջ եւ իմաստուն ընտրանքներ, սատարելու համար արարչագործութեան խնամքին»։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հուսկ հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ու ողջոյնի խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2024, 12:47