Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Իւղերու օրհնութեան արարողութիւնը Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Իւղերու օրհնութեան արարողութիւնը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

2024ի Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններու օրակարգը Վատիկանի մէջ` Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ

Աւագ կամ Սուրբ Շաբաթը Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կանխող շաբաթն է, որ սկիզբ կ՛առնէ Յիսուսին Երուսաղէմ հրաշափառ մուտքով՝ Ծաղկազարդի տօնով եւ կ՛աւարտի Անոր հրաշափառ Յարութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2024 տարուայ Աւագ շաբթուայ ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններուն յայտագիրը, որ սկիզբ կ՛առնէ կիրակի 24 մարտին` Յիսուսին Երուսաղէմ հրաշափառ մուտքով՝ Ծաղկազարդի տօնով եւ կ՛աւարտի Անոր հրաշափառ Յարութեան տօնով` 31 Մարտ 2024-ին։

Կիրակի` 24 Մարտ 2024-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, կը գլխաւորէ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը, սկիզբ տալով Սուրբ Շաբթուայ ծիսակատարութիւններուն։

28 Մարտին «Աւագ Հինգշաբթի» է։ Առաւօտեան ժամը 9.30-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմ գտնուող Կարդինալական դասը, Պատրիարքներ, Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ ու կղերականներ։

Ապա Աւագ Ուրբաթ օրը` 29 Մարտին, տեղի կ՜ունենայ Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութիւնը որուն առիթով յետմիջօրէի ժամը 5.00ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու ս. Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։

Երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի երկհազարամեայ ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին տարածքին նախատեսոած է Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որուն աւարտին Սրբազան Պապը իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ արարողութեան ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն։

Շաբաթ 30 Մարտին, Աւագ Շաբաթ օրը, երեկոյեան ժամը 7,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախատեսուած է Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ, որուն առթիւ Ան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գաւիթին մէջ կ՛օրհնէ նոր հուրը, ապա Զատկական մոմով մուտք կը գործէ Պազիլիքա, ուր կը նախագահէ Խօսքի, Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները։

Երկրորդ օրը Կիրակի 31 Մարտին, Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի  մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' ուղղուած աւանդական պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 12:10