2024.02.10 Dirigenti e Personale dell'Ispettorato di Pubblica Sicurezza "Vaticano"

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անդամներուն

«Ընկերութեան մէջ հասարակական բարիքն ու խաղաղութիւնը` չեն կարող ծաղկիլ ինքնաբուխ: Մեր սահմանափակ եւ մեղքէն վիրաւոր մարդկային բնութեան լոյսերն ու ստուերները կ՛ենթադրեն, որ պէտք է ըլլան մարդիկ որոնք, չարին առջեւ չեն կանգնիր ու կը դիտեն, այլ իրենց վրայ կը վերցնեն միջամտելու պատասխանատուութիւնը՝ պաշտպանելու համար զոհերը և վերականգնելու կարգուկանոնը, միշտ ի սիրտ ունենալով հասարակաց բարիքը»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 10 Փետրուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անձնակազմին, ղեկավարներուն, մատրանապետներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

«Կ՛ողջունեմ բոլորդ եւ կ՛ուզեմ ձեզի ըսել շնորհակալութիւն։ Նախ եւ առաջ հաւատարիմ ու համբերատար աշխատանքին համար, Իտալիայէն եւ արտերկրէն Վատիկան ժամանողներուն ի սպաս, անոնց առիթ տալով, որպէս ուխտաւորներ ապրելու հաւատքի եւ աղօթքի պահեր, եւ կամ որպէս զբօսաշրջիկներ` զուարճանքի պահեր, կարգուկանոնի և անվտանգութեան խաղաղ մթնոլորտի մէջ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առիթով արտասանած ճառին սկիզբը, ընդգծելով անոնց աշխատանքին նրբութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն, «յարմարուելու եւ տրամադրութեան ունակութեան համար», «յաճախ ընդունելով անյարմար ժամանակացոյցներ և անյարմար նիւթատեխնիկական կարիքներ», երբ «ինծի կ՛ընկերանաք ճամբորդութիւններուն ընթացքին ապահովելու համար իմ եւ համագործակիցներուս անվտանգութիւնը» յարեց Քահանայապետը գնահատելով անոնց «հսկողութեան», «յաճախ վտանգաւոր» աշխատանքը որ կը պահանջէ «քաջութիւն» «ուշադրութիւն» եւ կարիքներու ու խնդրայարոյց հարցերու դիմագրաւում։

Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերեց ապա իր նախորդներէն Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ խօսքերը, որ անվտանգութեան ուժերը որակած էր «մարդկային հասարակութեան բարի ծառայողներ եւ ընկերութեան մէջ խաղաղութեան արհեստաւորներ» շեշտելով այս խօսքերուն իմաստը ու անոնցմէ բխած յանձնառու ու պահանջկոտ աշխատանքին կարեւորութիւնը.

«Ընկերութեան մէջ հասարակական բարիքն ու խաղաղութիւնը` չեն կարող ծաղկիլ ինքնաբուխ: Մեր սահմանափակ եւ մեղքէն վիրաւոր մարդկային բնութեան լոյսերն ու ստուերները կ՛ենթադրեն, որ պէտք է ըլլան մարդիկ որոնք, չարին առջեւ չեն կանգնիր զայն դիտելով, այլ իրենց վրայ կը վերցնեն միջամտելու պատասխանատուութիւնը՝ պաշտպանելու համար զոհերը և վերականգնելու կարգուկանոնը, միշտ ի սիրտ ունենալով հասարակաց բարիքը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ ճառը աւարտեց նորոգելով իր շնորհակալութիւնները, անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները ու զանոնք յանձնելով պաշտպան սուրբ` Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի հովանիին։

«Ես կ՛ աղօթեմ ձեզի համար, իսկ դուք, խնդրեմ, մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2024, 10:30