2024.02.05 Zayed Award for Human Fraternity 2024

Կառուցել եղբայրութիւն՝ որպէս պատնէշ ատելութեան, բռնութեան եւ անարդարութեան․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ապու Տապիի «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ»ի հինգերորդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներու գագաթնակէտը եղաւ «Մարդկային Եղբայրութեան Զայետ մրցանակ»ի մրցանակաբաշխութիւնը՝ որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հանդէս եկաւ դափնեկիրներուն ուղղած տեսալսողական պատգամով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

5 Փետրուար 2024 թուականին հեռարձակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը՝ ուղղուած «Zayed Award for Human Fraternity - Մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակ»ին արժանացած գործիչներուն, որոնք ինչպէս Նորին Սրբութիւնն ըսաւ՝ «յայտնի են մարդկութեան առաջընթացի եւ խաղաղ համակեցութեան խթանումին ուղղուած իրենց զօրակից յանձնառութեամբ»:

«Վերջին տարիներուն քալած ենք որպէս եղբայրներ՝ գիտակցելով, որ՝ մեր տարբեր մշակոյթներն ու աւանդոյթները յարգելով, պէտք ենք կառուցել եղբայրութիւն՝ որպէս պատնէշ ատելութեան, բռնութեան եւ անարդարութեան», շարունակեց Ան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ապա վստահութիւն յայտնեց, որ մրցնակակիրներու օրինակը խթան է միւսներու համար՝ ձեռնարկելու տարբեր կրօններու մարդկանց բեղմնաւոր համագործակցութենէն բխող նախաձեռնութիւններ՝ ի նպաստ ողջ մարդկութեան եւ ի յարգանս իւրաքանչիւրի արժանապատուութեան՝ խթանելով «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ»ին  առաջարկած արժէքները»։

Նշենք թէ «Մարդկային Եղբայրութեան Զայետ» մրցանակը հիմնուած է 2019ին՝ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր Շէյխ Զայետ պին Սուլթան Ալ Նահյանի անունով։

Անոր առաջին մրցանակակիրները Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը եղած են՝ Ապու Տապիի մէջ «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ»ը ստորագրելու համար։

Մրցանակը այնուհետեւ դարձաւ հանրային։ Այս տարուան դափնեկիրներն են․ Ինտոնեզիայի «Nahdlatul Ulama» և «Muhammadiyah» կազմակերպութիւնները, եգիպտացի սրտային վիրաբոյժ Մակտի Եագուպը, Չիլիացի քոյր Նելլի Լէոնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 17:30