Որոնել

Ըլլալ մօտիկ, դառնալ պարգեւ. Ս. Պետրոսի մէջ Մամա Անթուլայի սրբադասման արարողութիւնը

Պէտք է, որ մեր հոգիի հիւանդութիւնները տանինք Յիսուսին, աղօթքի միջոցաւ, անկեղծ ու կենդանի աղօթք, որով Յիսուսին ոտքերուն տակ դնենք մեր թշուառութիւնները, մեր դիւրաբեկութիւնները, մեր վախերը.. վերագտնելու համար Քրիստոսէն սիրուած ըլլալու եւ ուրիշներուն մենք մեզ նուիրելու գեղեցկութիւնը, առանց վախի, նախապաշարումի եւ կեղծ կրօնականութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 Փետրուար 2024ին, Լուրտի Տիրամօր Երեւումներու եւ Հիւանդներու համաշխարհային օրուան նուիրուած օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախագահեց Արժանթինի առաջին սուրբ Սրբուհի Մարիա Անթոնիա Տէ Սան Խօսէ Տէ Փաս ի Ֆիկերոայի սրբադասման արարողութեան մասնակցութեամբ Արժանթինէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներու եւ Երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց Մարկոսի Աւետարանէն քաղուած հատուածին վրայ, որ կը պատմէ Յիսուսին բորոտի մը բժշկութեան դրուագը։

Բորոտին բժշկութիւնը 

Բորոտութիւնը հիւանդութիւն մըն է որ կը յառաջացնէ մարդուս ֆիզիկական կործանումը եւ շատ անգամ անոր նկատմամբ կայ անտեսումի վարուելակերպ։

«Բորոտութիւն եւ անտեսում երկու հիւանդութիւններ են որոնցմէ Յիսուս կ՛ուզէ փրկել մարդը որուն կը հանդիպի Աւետարանին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս այն ժամանակ բորոտները կ՛ապրէին քաղաքէն դուրս, լքուած իրենց բախտին, անտեսուած, վարակումի վախի պատճառաւ, որ նախապաշարումներ կը յառաջացներ, որովհետեւ կը կարծուէր թէ այդ հիւանդութիւնը Աստուծոյ կողմէ պատիժ մըն էր եւ ասկէ կը բխէր նաեւ կեղծ կրօնականութիւնը, որ  մահացողին դպչիլը անմաքուր բան կը նկատեր, իսկ բորոտները այն մարդիկ էին, որոնց մարմինը «մահացած է անոնց վրայ»:

Հետևաբար, անոնց դպչիլը կը նշանակէր անոնց նման դառնալ անմաքուր։ Աղաւաղուած կրօնականութիւն, որ կը բարձրացնէ արգելքներ և խարխլէ բարեպաշտութիւնը:

Վախ, նախապաշարում եւ կեղծ կրօնականութիւն` հոգիի բորոտութիւններ

«Վախ, նախապաշարում եւ կեղծ կրօնականութիւն` ահա անարդարութեան երեք պատճառներ, երեք «հոգիի բորոտութիւններ» որոնք կը չարչարէն տկար մը, զայն մերժելով որպէս աւելցուկ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ այս մէկը միայն անցեալի իրականութիւն մը չէ ու թէ կը կրկնուի նաեւ այս օրերուն ուր մեր քաղաքներու «մայթերուն վրայ կան բազմաթիւ տառապողներ» որոնց նկատմամբ կը ցուցաբերուի վախ, նախապաշարում եւ մերժում եւ ասկէ մեկնելով առաջարկեց հետեւիլ Յիսուսի օրինակին ու դարման գտնել այդ «բորոտութիւններուն»։

Դպչիլ եւ բուժել

«Յիսուս երկու արարք կը կատարէ. Կը դպչի եւ կը բուժէ» ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով այդ երկու արարքներուն իմաստը։ Յիսուս գթութենէ մղուած կանգ կ՛առնէ ու ձեռքը երկարելով կը դպչի բորոտին, թէեւ գիտեր թէ ինչ կը նշանակեր այդ արարքը կատարելուն հետեւանքները, որոնք իրեն հանդէպ եւս մերժում պիտի յառաջացնէին, ըստ ժամանակուայ համոզումներուն։

«Ան կարող էր հեռուէն եւս զայն բուժել...բայց Քրիստոսին ուղին տառապողին նկատմամբ մօտիկութեան սիրոյ ուղին է» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ Ան մարդեղացաւ դպչելու համար մեր աղքատութեան եւ ի տես ամենածանր «բորոտութեան» որ մեղքն է, ան չի վարանեցաւ մեռնելու խաչին վրայ»

 «Ըլլալ մօտիկ», «Դառնալ պարգեւ»

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը յորդորեց հետեւիլ Յիսուսի օրինակին, փորձել «ըլլալ մօտիկ», «դառնալ պարգեւ», չփակուիլ մեր հանգստաւէտ կեանքին սահմաններուն մէջ, մխրճուելով «հոգիի բորոտութեան» հիւանդութեան մէջ որ «մեզ կը դարձնէ անզգայ»։

«Յիսուսին երկրորդ արարքը եղաւ բուժելը։ Անոր դպչելու արարքը ցոյց կու տայ ոչ միայն մօտիկութիւն այլեւ բուժումին սկիզբը։ Որովհետեւ թոյլ տալով, որ Յիսուս մեզի դպչի մենք կը բուժուինք ներքնապէս, սրտով» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով թէ եթէ մենք թոյլ տանք որ Ան մեզի դպչի աղօթքին մէջ, եթէ թոյլ տանք, որ ան գործէ մեր մէջ Խօսքին ու Խորհուրդներուն ընդմէջէն, Անոր այդ շփումը մեզ կը փոխէ իսկապէս, մեզ կը բուժէ մեղքէն, կ՛ազատէ փակումներէն, կը վերափոխէ մեզ, աւելիով քան որքան կարող ենք ընել մենք մեր ջանքերով։ Ասոր համար պէտք է, որ մեր հոգիի հիւանդութիւնները տանինք Յիսուսին, աղօթքի միջոցաւ, անկեղծ ու կենդանի աղօթք, որով Յիսուսին ոտքերուն տակ դնենք մեր թշուառութիւնները, մեր դիւրաբեկութիւնները, մեր վախերը.. վերագտնելու համար Քրիստոսէն սիրուած ըլլալու եւ ուրիշներուն մենք մեզ նուիրելու գեղեցկութիւնը, առանց վախի, նախապաշարումի եւ կեղծ կրօնականութեան» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ` թէ այս մէկը կարելի է իրականացնել «ի գործ դրուած եղբայրսիրութեան ամենօրեայ արարքներով, ընտանիքի, աշխատանքի, ժողովրդապետութեան, դպրոցի, գրասենեակներու ու խանութներու մէջ...»

Մամա Անթուլային օրիանկը

«Այսօր մտաբերենք նաեւ Մարիա Անթոնիա տէ Սան Խօսէն` Մամա Անթուլան։ Անիկա հազարաւոր քիլոմեթրեր կտրեց քալելով, անապատներու եւ վտանգաւոր ճամբաներու վրայ, Աստուած տանելու ուրիշներուն։ Այսօր Ան մեզի համար տիպար է առաքելական եռանդի եւ յանդգնութեան։ Երբ Յիսուսեանները վտարուեցան, Սուրբ Հոգին անոր մէջ վարեց առաքելական ճրագը...շնորհիւ Մամա Անթուլային Սուրբ Կաէթանօ Թիենին պաշտամունքը մուտ գործեց տուներուն, թաղամասերուն, խանութներուն, գործարաններուն ու սրտերուն մէջ, որպէսզի արժանապատիւ կեանք մը նուիրէ, աշխատանքին, արդարութիւն, առօրեայ հաց, աղքատներու սեղաններուն։ Այսօր աղօթենք Մարիա Անթոնիային, Սրբուհի Մարիա Անթոնիա տէ Փաս տէ Սան Խոսէին որպէսզի մեզի օգնէ» ըսաւ Սրբազան պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2024, 10:35