Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եղբայրութեան երազանքը թող չսահմանափակուի խօսքերուն մէջ»

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը կ՝ընդգծէ երկխօսութեան երեք հիմնական խոչընդոտներ՝ Ուրիշին ճանաչողութեան բացակայութիւնը, լսելու բացակայութիւնը եւ մտաւոր ճկունութեան բացակայութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ մարդկային եղբայրութեան ազդեցութիւններուն մասին գումարուած համագումարին յանձնառու «PLURIEԼ»՝ Իսլամութիւնը ուսումնասիրող համալսարանական հարթակիմիջազգային չորրորդ համագումարին մասնակիցներուն, մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի հինգերորդ տարեդարձի կապակցութեամբ։ Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը կ՝ընդգծէ երկխօսութեան երեք հիմնական խոչընդոտները. Ուրիշին ճանաչողութեան բացակայութիւնը, լսելու բացակայութիւնը եւ մտաւոր ճկունութեան բացակայութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը շնորհաւորէ բոլոր անոնք որոնք յառաջ կը տանին համաշխարհային խաղաղութեան եւ ընդհանուր համակեցութեան համար, մարդկային եղբայրութեան նուիրուած նիւթերն ու սկզբունքները, որ ստորագրուած է հինգ տարի առաջ Ապու Տապիի մէջ ապա իր գնահատանքը կը յայտնէ PLURIEL-ի՝ միջազգային չորրորդ համագումարի մասնակիցներուն՝ իսլամութեան վերաբերեալ համալսարանական հետազօտական հարթակ, որ կը համախմբէ 27 երկիրներէ շուրջ 180 գիտնականներ եւ հետազօտողներ, որոնք այս օրերուն յանձնառու են քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ երկխօսութեան մէջ, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն քաղաքին մէջ, ուսումնասիրելու համար մարդկային եղբայրութեան ազդեցութիւններն ու հեռանկարները։

Նշենք, թէ համագումարին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ընթերցեց, միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միկէլ Անճէլ Այուզօ, որուն մէջ Սրբազան հայրը կը մաղթէ որ աշխարհի մէջ ամէն բան կատարուի որպէսզի խաղաղութեան մէջ եղբայրութեան նշանը երբեք չսահամանափակուի խօսքերու դիմաց ու կ՝ընդգծէ երկխօսութեան բառին մեծ հարստութիւնը, որ կարելի չէ սահմանափակել սեղանին շուրջ քննարկելով։

Չդադրիլ խօսքերով

Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ ժամանակակից հասարակութեան մէջ կան երեք չարիքներ, որոնք կը քանդեն եղբայրութիւնը՝ երեք մարդկային հոգիին բացակայութիւններ։ Առաջին՝ ուրիշին ճանաչումը, կառուցելու համար փոխադարձ վստահութիւն մը, փոխելով մարդկութեան մէջ եղբօր բացասական պատկերը՝ ելոյթներու եւ դասախօսութիւններու մէջ եւ «սա բոլորին համար խաղաղութեան գործընթացներ սկսելու ձեւն է» ընդգծեց Սրբազան հայրը։

Սորվիլ լսել

«Լսելու բացակայութիւնը երկրորդ թակարդն է, որ կը վնասէ եղբայրութիւնը» նշեց Սրբազան հայրը ընդգծելով, որ վիճելու համար անհրաժեշտ է սորվիլ ունկնդրել՝ այսինքն լսել եւ դանդաղեցնել, որ« մեր աշխարհի առկայ ուղեւորութեան հակառակ ուղեւորութիւնը է, որ միշտ խռովուած է ու լեցուն պատկերներով եւ աղմուկներով»։

Ունենալ մտային ճկնութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ թէ «որքան չարիքներէն կարելի ի խուսափիլ եթէ աւելի շատ ունկնդրութիւն, լռութիւն եւ ճշմարիտ խօսքեր ըլլան ընտանիքներուն, քաղաքական եւ կրօնական հասարակութիւններու, համալսարաններու, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու մէջ։ Ան դիտել կու տայ, որ վիճելը կ՝ենթադրէ մտային ճկնութիւն, որուն բացակայութիւնը՝ եղբայրութեան երրորդ խոչընդոտն է։ Սրբազան Հայրը պատգամը կ՝աւարտէ նշելով որ «Կազմաւորումը եւ հետազօտութիւնը, պէտք է որ նպատակ ունենան մեր ժողովուրդները, այր մարդիկն ու կիները դարձնել, ոչ թէ բիրտ այլ այլ ճկուն, կենդանի, եւ եղբայրութեան բաց։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 10:29