2019.03.29 Celebrazione Penitenziale

Թեթեւ հարբուխի պատճառով ջնջուեցան Քահանայապետին այսօրուայ ունկնդրութիւնները

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Հանդիպումներու շարքին էր նաեւ Հռոմի Թեմէն 14 սարկաւագներու հետ հանդիպում մը` որուն համար Սրբազան Պապը պատրաստած էր գրաւոր ճառ մը, որ յանձնուեցաւ սարկաւագներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Թեթեւ հարբուխի ու տաքութեան հետեւանքով» Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուայ ունկնդրութիւնները ջնջուեցան։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նեաւ թէ Քահանայապետը այս որոշումը կայացուցած է որպէս նախազգուշացան միջոց։

Յայտնենք թէ անցեալ Կիրակի 18 Փետրուարի կէսօրէն ետքը եւ մինչեւ երէկ` 23 փետրուար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հոգեւոր Կրթութեան մէջ էր եւ ասոր պատճառաւ եւս դադրած էին անոր բոլոր գործունէութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Այսօր նախատեսուած էին մի քանի հանդիպումներ, որոնց շարքին նաեւ Հռոմի Թեմէն 14 սարկաւագներու հետ հանդիպում մը` որուն համար Սրբազան Պապը պատրաստած էր գրաւոր ճառ մը, որ յանձնուեցաւ սարկաւագներուն։

Սարկաւագներուն յանձնուած գրաւոր ճառը

Անոր մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ քահանայական ձեռնադրութեան կանխող ուսումնական շրջանին ապա ձեռնադրութեան ժամանակ նորօծ քահանաներուն ուղղուած հարցումին. «Կ՛ուզէ՞ք ձեր բոլոր կեանքին ընթացքին կատարել քահանայական ծառայութիւնը...որպէս հաւատարիմ համագործակիցներ եպիսկոպոսներու դասին, ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ», եւ ասկէ մեկնելով ճառը կը կեդրոնացնէ երեք հիմնական երեւոյթներու վրայ` նախ ըլլալ հաւատարիմ համագործակիցներ, ապա ըլլալ Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան ի սպաս, հուսկ իրենք զիրենք դնել Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան տակ։

Հաւատարիմ համագործակիցներ

Նորին Սրբութիւնը ճառին մէջ մէկիկ մէկիկ կը մեկնաբանէ այս երեք երեւոյթները հաստատելով, որ «Եկեղեցին ձեզմէ չի պահանջեր ըլլալ ղեկավարներ, այլ համագործակիցներ... ըլլալ երգչախումբի մը անդամ եւ ոչ թէ մեներգող, եղբայրներ քահանայութեան մէջ եւ բոլորի համար վարդապետներ...մնայուն կազմաւորումի մէջ առաքեալներ...ոչ թէ անհատապէսս, այլ կապի մէջ անոնց որոնք կոչուած են ձեզի ընկերանալու», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով առաջին կէտին։

Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան ի սպաս

Երկրորդը` Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութիւնը։ «Սարկաւագութիւնը հիմքն է Քահանայութեան։ Դուք քահանաներ էք ծառայելու համար, նման Յիսուսին, որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր կեանքը տալու», կը գրէ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով ամէն առաւօտ աղօթելու եւ ըսելու «Տէր այսօր ինծի օգնէ` որպէսզի ծառայեմ» եւ երեկոյեան « Տէր ներէ ինծի եթէ աւելիով ես ինծի մտածեցի քան ուրիշներու ծառայութեան տակ դնելու ես ինձ»։

Առաջնորդուած Սուրբ Հոգիով

«Ծառայել կը նշանակէ ըլլալ տրամադիր, հրաժարիլ սեփական օրակարգի հիման վրայ ապրելէ ու պատրաստ ըլլալ Աստուծոյ մեզի վերապահած անակնկալներուն, որոնք կը յայտնուին մարդոց միջոցաւ» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով` որ «հովուական կեանքը, առօրեայի նուիրումի կեանք է…հետեւողական վերաբերմունք կազմուած հիւրընկալութենէ, կարեկցութենէ, քնքշութենէ, ապրելաոճ մը, որ կը խօսի ոչ թէ բառերով այլ գործերով... մօտիկութեան ոճով» կը գրէ ճառին մէջ Քահանայապետը, որ ակնարկելով վերջին երեւոյթին` Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան, կը յորդորէ միշտ առաջնութիւն տալու Անոր, որպէսզի իրենց կեանքը նման առաքեալներու կեանքին, միշտ կողմնորոշուած ըլլայ դէպի Տէրը, որպէսզի ըլլան «Աստուծոյ մարդիկ»...մնալով Տիրոջ առջեւ ու Տիրոջ հետ...որովհետեւ «սիրտ մը` որ իր ուրախութիւնը կը քաղէ Տիրոջմէ եւ աղօթքով կը բեղմնաւորէ յարաբերութիւնները, երբեք չի կորսնցնէր քահանայական կեանքին յաւերժական գեղեցկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 10:00