Քահանայապետը հրեաներուն. Աշխատինք միասին Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրտս ձեզի մօտիկ է, մօտ է Սուրբ Երկրին, այն բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք կ՛ապրին այնտեղ՝ իսրայէլացիներուն և պաղեստինցիներուն, և ես կ՛աղօթեմ, որ ամէն բաներուն գերադասէ խաղաղութեան իղձը։ Ես կ՛ուզեմ, որ դուք իմանաք, որ դուք հոգեհարազատ էք իմ սրտին և Եկեղեցւոյ սրտին»: Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը դիմելով «Իսրայէլի հրէա եղբայրներուն և քոյրերուն» հրէա-քրիստոնէական երկխօսութեան աստուածաբան Քարմա Պէն Ժոհանանին ուղարկած նամակին մէջ, որ վերջին շաբաթներուն եղաւ այն անձերէն, որոնք խթանեցին Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը, որ ստորագրուեցաւ շուրջ 400 հոգիէ` որոնց շարքին ռաբբիներն և գիտնականներ։
Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին էջերուն վրայ հրատարակուած 2 Փետրուար թուակիր նամակին մէջ, Քահանայապետը յիշած է թէ Սուրբ Երկիրը եւս մաս կը կազմէ այդ «բեկոր բեկոր համաշխարհային պատերազմին» որ աշխարհի մէջ կը յառաջացնէ «ցաւ ու մտավախութիւն»։
Սրբազան Պապը հուսկ կը մատնանշէ Եկեղեցւոյ հրեայ հասարակութեան հետ յարաբերութեան նշելով` որ «Ճանապարհը, զոր Եկեղեցին սկսած է ձեզ հետ՝ Ուխտի հնագոյն ժողովուրդ, կը մերժէ հուդայականութեան և հակասեմականութեան ցանկացած ձև՝ միանշանակ դատապարտելով հրեաներու և հուդայականութեան հանդէպ ատելութեան դրսևորումները՝ որպէս Աստուծոյ դիմաց մեղք...»:
Ակնարկելով ապա նամակին զոր ստացած է հրեայ քրիստոնեայ երկխօսութեան րաբունապետերուն ու գիտնականներուն կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ, թէ ինք կը «հաւաստիացնէ իր մօտիկութիւնը եւ քնքշութիւնը եւ կ՛ողջագուրէ իւրաքանչիւրը, յատկապէս անոնք որոնք հիւծուած են, տառապանքէն, ցաւէն, վախէն և նոյնիսկ զայրոյթէն» ան ապա կ՛աւելցնէ «ձեզի հետ կ՛ողբանք մահերը, վիրաւորները կը կ՛աղերսենք Հօր Աստուծոյ որպէսզի միջամտէ վերջ դնելու համար պատերազմին եւ ատելութեան»։
Սրբազան Պապը հուսկ նշելով որ դժուար է այսօր տեսնել ապագայի հորիզոն մը ուր լոյսը փոխարինէ խաւարը … մենք որպէս հրեաներ եւ կաթողիկէներ, շատ բաներ ունինք ընելու միասին, ապահովելու համար, որ աշխարհը, զոր մենք պիտի թողունք անոնց որոնք մեզմէ ետքը պիտի գան ըլլայ աւելի լաւ, եւ ես վստահ եմ, որ մենք կարող ենք շարունակել համագործակցիլ այս նպատակին համար»:
Քարմա Պէն Ժոհանանը, երախտագիտութիւն յայտնելով Քահանայապետին ողջունեց հրաւէրը՝ յայտարարելով. «Մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ, որպէսզի ատելութիւնն ու բռնութիւնը վերանան, եւ բացուին իրական խաղաղութեան դռները բոլորիս համար, որ կ՛ապրինք այս աշխարհի վրայ՝ հրեաներ, քրիստոնեաներ և մահմետականներ։ Մենք կը միանանք քրիստոնեաներուն՝ հաւատալով, որ կրօնները կարող են ըլլալ ստեղծագործ ուժ, որ կարող է բանալ ճանապարհներ, որոնք այլապէս փակ պիտի մնային»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ