2024.02.14 Udienza Generale

Քառասնորդացը ժամանակ ապաշխարութեան եւ յոյսի ու սիրոյ մէջ հաւատքի նորոգումին. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Յառաջ ընթանանք ապաշխարութեան, Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան եւ կարիքաւոր եղբայրներու հոգածութեան գործընթացքին մէջ ու յառաջանանք նաեւ ուժեղացնելով աղօթքը յատկապէս հայցելու խաղաղութիւնը աշխարհին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 Փետրուար 2024ին, Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող տարբեր ազգութիւններու պատկան հաւատացեալ ուխտաւորները անոնց յիշեցնելով` որ Քառասնորդացը, որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր, ժամանակ է ապաշխարութեան եւ յոյսի ու սիրոյ մէջ հաւատքի նորոգումին։ «Քառասնորդացի ընթացքին մենք կոչուած ենք պայքարելու ծուլութեան մոլութեան դէմ, որպէսզի վերադառնանք Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ ներդաշնակ կեանքի»։

Իսկ Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յիշելով, թէ այսօր Երկրի եկեղեցիներուն մէջ դրամահաւաք կը կատարուի վասն Ուքրանիոյ, հրաւիրեց «բազմաթիւ պատերազմներու դիմաց չփակելու մեր սրտերը անոնց առջեւ, որոնք կարիքի մէջ են։ Աղօթքը, ծոմը եւ ողորմութիւնը թող ըլլան ուղին կառուցելու համար խաղաղութիւնը» մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն` անոնց եւս յիշեցնելով, թէ այսօր կը սկսի Քառասնորդացը ու հրաւիրելով պատրաստուելու այս ժամանակահատուածին որպէս ապաշխարութեան եւ նորոգումի պահ մը, ունկնդրելով Աստուծոյ Խօսքը եւ հոգ տանելով մեր կարիքաւոր եղբայրներուն։ Քահանայապետը հրաւիրեց ապա չմոռնալու Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը որոնք մեծապէս կը տառապին պատերազմի պատճառաւ աղօթք խնդրելով անոնց համար

«Յառաջ ընթանանք ապաշխարութեան, Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան եւ կարիքաւոր եղբայրներու հոգածութեան գործընթացքին մէջ ու յառաջանանք նաեւ ուժեղացնելով աղօթքը յատկապէս հայցելու խաղաղութիւնը աշխարհին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 09:55