Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մատրիտի Նորընծայարանի հասարակութեան հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 3 փետրուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Մատրիտէն ժամանած այցելուները, որոնք Հռոմ կը գտնուին Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի գլխաւորութեամբ, որ այս օրերուն եկած է ստանձնելու Հռոմի սպանացիներու Santiago y Montserrat եկեղեցւոյ տիտղոսաւորի իր պաշտօնը, ինչպէս յայտնեց ներկաներուն յանձնած գրաւոր իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով նաեւ թէ «Հայր Խօսէն իր հետ բերած է իր ամենաթանկագին գանձը, իր նորընծաները»։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը գրաւոր ճառին մէջ կարեւորեց նորընծայարանի իրականութիւնը, ուր կը կազմաւորուին ապագայի առաքեալները մատնանշելով Սուրբ Մանուել Կոնզալէսի խօսքին, որ կը ցանկանար «նորընծայարան մը, որտեղ պատարագը ըլլար. Մանկավարժական կարգին մէջ՝ ամենաարդիւնաւէտ խթանը, գիտական մարզին մէջ` առաջին ուսուցիչ և առաջին նիւթ; կարգապահական կարգին մէջ `ամենաաչալուրջ տեսուչը; ճգնաւորական կարգին մէջ ամենաաշխույժ տիպարը; տնտեսականին մէջ` մեծ նախախնամութիւն; իսկ ճարտարապետականին մէջ՝ անկիւնաքար» (San Manuel González, Un sueño pastoral):
Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները խորհրդածելու այս կէտերուն վրայ ու այնպէս ընելու որ Աստուած ըլլայ կեդրոնը այսինքն հիմքը, նախագիծը, ճարտարապետն ու հիմնաքարը։
«Ասոր համար անհրաժեշտ է մուտք գործել անապատ, որպէսզի Յիսուս խօսի մեր սրտին, բայց եթէ ան լի է աշխարհիկ բաներով, զոր կարելի չէ կոչել «կրօնական», Աստուած տեղ պիտի չի գտնէ այնտեղ, եւ ոչ ալ մենք պիտի լսենք զայն երբ թակէ մեր դուռը։ Ուստի, լռութիւնը, աղօթքը, ծոմապահութիւնը, ապաշխարութիւնն ու ճգնութիւնը անհրաժեշտ են ազատելու համար այն ամէն բաներէն, որոնք մեզ կը ստրկացնեն եւ ամբողջութեամբ նուիրուինք Աստուծոյ։ Այս մէկը ոչ միայն ներքինով այլ նաեւ արտաքինով, աշխատանքի, ծրագիրներուն մէջ, մենք մեզ յանձնելով Յիսուսին։ Տէրն է ամենամեծ նախախնամութիւնը, թոյլ տանք, որ Ան ըլլայ առաջարկողը եւ իրականացնողը, մենք մեզ պարզապէս դնելով անոր ծառայութեան տակ` հլու եւ հնազանդ հոգիով» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նորընծաներուն ուղղած յորդորական խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ