28 Ապրիլ 2024ին Քահանայապետը այցելութիւն պիտի տայ Վենետիկ
«Սրբազան Պապը պիտի այցելէ 60-րդ միջազգային արւեստի ցուցահանդէսի՝ «La Biennale di Venezia»ի Սուրբ Աթոռի տաղաւարը, Giudecca կանանց բանտին մէջ, ապա պիտի հանդիպի Վենետիկի պատրիարքարանի եկեղեցական համայնքին յատուկ ծրագրով, որ շուտով կը հաղորդուի»
Վատիկան Նիուզ
Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատեսչութեան և Վենետիկի Պատրիարքարանի այսօր հրապարակուած համատեղ յայտարարութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ «Կիրակի 28 ապրիլ 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութեամբ կը մեկնի Վենետիկ»։
«Սրբազան Պապը պիտի այցելէ 60-րդ միջազգային արւեստի ցուցահանդէսի՝ «La Biennale di Venezia»ի Սուրբ Աթոռի տաղաւարը, Giudecca կանանց բանտին մէջ, ապա պիտի հանդիպի Վենետիկի պատրիարքարանի եկեղեցական համայնքին յատուկ ծրագրով, որ շուտով կը հաղորդուի» նշուած է միշտ վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
13/02/2024, 12:13