Պարելոնային Սուրբ Ընտաիքի տաճարը Պարելոնային Սուրբ Ընտաիքի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հրեշտակներու նման հնչեցնենք մեր ձայնը՝ «Սուրբ Աստուած Սուրբ Եւ Հզօր Սուրբ եւ Անմահ»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պարսելոնայի Սուրբ Ընտանիք տաճարի կառուցման խորհուրդի անդամներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 17 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պարսելոնայի Սուրբ Ընտանիքի նուիրուած տաճարի կառուցման «Junta Costructora» անուան խորհուրդի անդամները ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար ըսելով, որ դա տեղի ունեցաւ տարուայ մը մէջ, զոր նուիրած է աղօթքի՝ ի նախապատրաստութիւն 2025 յոբելինական սուրբ Տարուան։

«Կարեւոր է որ աղօթքի միջավայրը չկորսուի տաճարներէն ներս ու անիկա պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւնը բոլոր անոնց համար որոնք ձեզի նման ստացան տաճարի խնամքի պատասխանատուութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Անդրադառնալով ապա Սուրբ Ընտանիքի տաճարին մասին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ տաճարը կառուցուած է այն ձեւով, որ իւրաքանչիւր սիւնաշար ունի թեմա մը որ պատկերացուած է Սուրբ Գիրքի հատուածներով եւ շրջանակուած է աղօթքով։ Այսպէս առաջին՝ հաւատքի դուռը, Յիսուսի պատկերին ետին, որ կը քարոզէ բժիշկներուն, ցոյց կու տայ Սուրբ Երրորդութիւնը։ 

Սիրոյ կեդրոնական դուռը, որ գլխաւոր պատկերն է Սուրբ ընտանիքին, մեզ կը հրաւիրէ բարձրացնելու մեր հայեացքը դէպի Մարդեղութեան խորհուրդը եւ կեդրոնանալու վարդարանի մարգարիտներուն վրայ, որ կ՝իջնեն պատուհանին երկայնքին, շրջանակելով Բեթղեհէմին աստղը գրեթէ ըսելով «հոս է մեր լոյսը»։ Երկրպագութեան, խորհուրդներուն հայեցողական աղօթքի մէջ, որ կը բանանք մեր աչքերը այդ լոյսին, ինչպէս տաճարին մէջ մեծ պատուհանը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց ողջունելու տաճարի մօտեցող ուխտաւորները ու աղօթքի հոգիով զանոնք ներգրաւելու՝ խոկալու համար Աստուծոյ ծառայ Անթոնի Կուատիի պատկերագրական ծրագիրը իր ամբողջութեամբ, նման գմբէթներուն եւ զանգակատուներուն, իրենց հայեացքները բարձրացնեն եւ ձայները հնչեցնեն հրեշտակներուն պէս ըսելով . «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ Հզօր Սուրբ Եւ Անմահ»։

Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 11:02