Ցամաքային ականներ Ցամաքային ականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Նենգ ռազմական սարքեր, որոնք մեզի կը յիշեցնեն պատերազմի ողբերգութիւնները»

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթելու պատերազմներէն տառապող ժողովուրդներուն համար ինչպէս նաեւ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ կրօնակայն վայրերու դէմ զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ գործուած յարձակումներուն թիրախ զոհերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 փետրուարին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները, ապա կոչ ուղղեց չմոռնալու Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ շատ մը երկիրներուն մէջ Հակամարտութեան պատճառով տառապող ժողովուրդները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց ցամաքային ականներու վերացման մասին կնքուած համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելու 25-րդ տարեդարձը, դիտել տալով որ այդ ականները կը շարունակեն թիրախաւորել անմեղները, յատուկէն մանուկները, նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններուն աւարտէն շատ տարիներ ետք ։ Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը յայտնեց այդ նենգ ռազմական սարքերուն թիրախ բազմաթիւ զոհերուն, «որոնք մեզի կը յիշեցնեն պատերազմներուն ողբերգական հետեւանքները եւ այն գինը, զոր քաղաքացիական բնակչութիւնը ստիպուած է կրել», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այդ առումով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն զոհերուն օգնելու եւ աղտոտած տարածքները մաքրելու համար։ «Անոնց աշխատանքը շօշափելի պատասխան է ընդհանրական կոչին՝ ըլլալու խաղաղարար, հոգ տանելով մեր եղբայրներուն», ըսաւ Ան։

Սրբազան Հայրը ապա կոչ ուղղեց չմոռնալու Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ շատ մը երկիրներուն մէջ Հակամարտութեան պատճառով տառապող ժողովուրդները, հրաւիրեց աղօթելու Պուրքինա Ֆազոյի մէջ կրօնական վայրերու դէմ յարձակումներու հետեւանքով մահացած զոհերուն, ինչպէս նաեւ Հայիթի ժողովուրդին համար, «ուր կը շարունակուի զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած յանցագործութիւններն ու առեւանգումները«, ըսաւ Ան

Նորին Սրբութիւնը ինչպէս միշտ յիշեց հիւանդները, տարեցները, երիտասարդները, մաղթելով անոնց, որ քառասնորդացի ուղին առիթ ըլլայ նորոգուելու՝ ներքնապէս եւ Սուրբ Հոգիին ներքեւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2024, 10:09