2024.02.03 Docenti e Alunni del Collegio Rotondi, di Gorla Minore

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ամէն բանի մէջ փնտռեցէք ճշմարտութիւնը եւ մի՛ ազդուիք «Like» երէն կամ ալ հետեւորդներու համաձայնութենէն»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքի Collegio Rotondi di Gorla վարժարանի ուսուցիչները, վարժարանի հիմնադրութեան 425րդ տարեդարձի առթիւ՝ հիմնուած 1599ին եւ Իտալիոյ պետական ամենէն հին դպրոցը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 3 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքi «Collegio Rotondi di Gorla» վարժարանի ուսուցիչները, աշակերտներն ու ծնողները, վարժարանի հիմնադրութեան 425րդ տարեդարձի առթիւ, որ հիմնուած է 1599ին։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց պատանիներուն հետ հանդիպելուն համար ըսելով «ձեր երիտասարդ եւ աշխուժ դէմքերով, ձեր սիրտին մէջ կրած երազներով, ծրագիրներով եւ իղձերով իմաստ ու արժէք կու տաք նման հինաւուրց ժառանգութեան... ու ձեր ներկայութեամբ կը վկայէք թէ ինչպէս Rotondi վարժարանը՝ իր կրթական աւանդութեան հաւատարմութեամբ՝ աճելով եւ բազմիցս անգամ փոխուելով եւ յարմարուելով տարբեր պատմական կարիքներուն, մինչեւ համաշխարհային պատերազմները, հետ պատերազմեցան դժուարութիւնները, դարձաւ Իտալիոյ պետական ամենահին դպրոցը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ այս ամէնը կը պարունակէ կարեւոր պատգամ մը, «անհրաժեշտ է գիտնալ փոխուիլ՝ հաւատարիմ մնալու համար սեփական ինքնութեան եւ առաքելութեան»։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աշակերտները աշխուժութեամբ նուիրուելու դպրոցական գործունէութիւններուն՝ միշտ բաց միտքով նոր բաներու համար։ «Մասնաւորապէս ամէն ինչին մէջ փնտռեցէք ճշմարտութիւնը, առանց թոյլ տալու որ ձեր վրայ ազդեն պահու տիպարներն ու ընդհանուր մտածողութիւնը՝ like-էն կամ ալ հետեւորդներուն համաձայնութիւնը, ասոնք ամենէն կարեւոր բաները չեն, ընդհակառակը անոնց հետ շատ կապուիլը կրնայ մեր ազատութիւնը խլել։

Սրբազան Հայրը ապա յորդորեց սորվիլ որպէս խումբ՝ ուրախութեան մէջ ընդգծելով որ գիտելիքը փաստօրէն կ՝աճի ուրիշներուն հետ կիսուելով, «Կը սորվինք աճելու համար եւ աճիլ կը նշանակէ միասին հասուննալ, երկխօսութիւն կատարել, երկխօսութիւն Աստուծոյ, ուսուցիչներու, ծնողաց հետ, երկխօսութիւն իրարու միջեւ նաեւ անոր հետ, որ տարբեր ձեւով կը մտածէ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, քաջալերեց միշտ պահպանելու եւ ի գործ դնելու ստացած ժառանգութիւնը ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2024, 09:55