Աղքատի մը լուսանկար Աղքատի մը լուսանկար  (© Renan Dantas )

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կառուցել եղբայրութիւն եւ յաղթահարել ամէն ատելութիւն, անտարբերութիւն եւ բռնութիւն»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պրազիլի մէջ Քառասնորդացի սկիզբը կազմակերպուած եղբայրութեան քայլարշաւի մասնակիցներուն, նախաձեռնութեամբ Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պրազիլի մէջ մեծ Պահքի սկիզբը ընթացք առաւ Եղբայրութեան նուիրուած քայլարշաւը, նախաձեռնութեամբ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղելով քայլարշաւի մասնակիցներուն վստահեցուց, թէ ինք կը միանայ Պրազիլի Ազգային համահաւաք դասի եղբայրներուն քառասնորդացի՝ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան ուղիին եւ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ Եղբայրութեան քայլարշաւի 60-րդ տարեդարձին առիթով։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ այս տարի Պրազիլի եպիսկոպոսները քայլարշաւի «Եղբայրութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւն» նիւթով, ինչպէս նաեւ «Դուք բոլորդ եղբայրներ եւ քոյրեր էք» բնաբանով, Պրազիլի ողջ ժողովուրդը կը հրաւիրէ քառասնորդացի ընթացքին հետեւելու դարձի ճանապարհին հիմնուած Fratelli tutti շրջաբերականին վրայ, զոր ստորագրած է 3 հոկտեմբեր, 2020ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծիսական տօնին նախօրէին։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ապա խօսքը ուղղելով քայլարշաւի մասնակիցներուն կը նշէ, թէ բոլորը հրաւիրուած են իսկական տիեզերական եղբայրութեան, զոր կը նպաստէ ընկերութեան մէջ կեանքին, Երկրին մէջ վերապրումին, հասարակաց տան, առանց կորսնցնելու հայեացքը դէպի երկինք՝ ուր Հայրը մեզ բոլորս պիտի ընդունի իբրեւ իր որդիները։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել կու տայ, որ դժբախտաբար աշխարհին մէջ տակաւին ականատես կ՝ըլլանք բազմաթիւ ստուերներու, մեր մէջ փակուած մնալու նշաններուն կ՝ընդգծէ, թէ կարիքը կայ մեր շրջանակը ընդլայնելու՝ հասնելու համար անոնց, որոնք ինքնաբերաբար չեն զգար հետաքրքրութիւններուն աշխարհի մաս մը, (Fratelli tutti, 97) կարիքը կայ նաեւ մեր սէրը տարածելու «իւրաքանչիւր կենդանի էակի, յաղթահարելով «Աշխարհագրութեան սահմաններն ու տարածութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը մաղթէ, որ Պրազիլի մէջ եկեղեցին այս քառասնորդացի ընթացքին ստանայ բարի պտուղներ, փափաք յայտնելով նաեւ որ եղբայրութեան քայլարշաւը անգամ մը եւս օգտակար դառնայ այս սիրելի ազգի եղբայրներուն եւ համայնքին՝ Մեր Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի դարձի գալու գործընթացքին մէջ, յաղթահարելով ամէն բաժանում, անտարբերութիւն, ատելութիւն եւ բռնութիւն։

Ֆրանչիկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ յանձնելով քայլարշաւի մասնակիցները Ափարեսիտա Տիրամօր հովանիին եւ որպէս երկնային արատ շնորհքներու նշան Իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլորին, յատուկէն բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են Տիեզերական եղբայրութեան համար։Ապա ինչպէս միշտ կը խնդրէ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 12:21