Կարիք կայ խաղաղութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ծիրէն նես, Սրբազան Քահանայապետը տարբեր լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները։
Սրբազան Հայրը ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները, նորապսակեալները եւ ակնարկելով յառաջիկայ օրերուն Լուրտի Տիրամօր տօնին ըսաւ. «Թող Լուրտի տիրամայրը, որուն տօնը պիտի նշենք յառաջիկայ կիրակի մայրական քնքշութեամբ ընկերանայ ձեր ուղեւորութեան մէջ»։
Ան ապա կոչ ուղղեց աշխարհի մէջ խաղաղութեան ի նպաստ հրաւիրելով «չմոռնալ պատերազմները, նահատակ Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Ռոհինճաները եւ ամէն տեղ տարածուած բազմաթիւ պատերազմները։ «Պատերազմը միշտ պարտութիւնն է։ Աղօթենք խաղաղութեան համար, խաղաղութեան կարիքը կայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Յայտնենք, թէ այսօր եւս առաւօտեան, Սրբազան Հայրը հեռաձայնային կապ հաստատեց Սուրբ երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլայի հետ տեղեկանալու համար Կազայի մէջ կաթողիկէ Սուրբ ընտանիք ժողովրդապետութեան իրավիճակի մասին, ուր հիւրընկալուած են պատերազմէն ամէն բան կորսնցուցած հարիւրաւոր անձեր եւ ուր ներկայիս պակասը կայ սննդեղէնի, ջուրի եւ դեղորայքի ու ամէն օր պայքար կը մղուի ձմրան սաստիկ ցուրտին դէմ ։
Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յատուկէն ողջունեց «Pie Discepole di Divin Maestro» միանձնուհիներուն հասարակութեան անդամները՝ որոնք կը նշեն իրենց միաբանութեան հիմնադրութեան հարիւր ամեակը մաղթելով, որ սոյն տարեդարձը խթան ըլլայ ամրապնդելու կրօնական գաղափարները եւ աւելի վեհանձն կերպով արտայայտելու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հանդէպ նուիրուածութիւնը։
Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց Արքեպիսկոպոս Ճովանի Թանի ընկերակցութեամբ իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 25-րդ տարեդարձը նշող քահանաները, մաղթելով անոնց որ այս քահանայական յոբելեանը իւրաքանչիւրի համար ըլլայ Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ նորոգուած նուիրուածութեան աղբիւրը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ Padri di Schoenstatt միաբանութեան ժառանգաւորները, Պենետիկտեան ջահի պատուիրակութիւնը եւ Salvi e Insuperabile ընկերակցութեան անդամները, բոլորին մաղթելով որ կարողանան աճիլ եւ աշխատիլ, Տիրոջ օգնութեամբ, վկայելով եղբայրութիւնն ու զօրակցութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ