Քահանայապետին ցաւը Պուրքինա Ֆազոյի եկեղեցւոյ մը դէմ յարձակումին ի լուր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցութիւններ արտայայտեց անցեալ կիրակի օր` Պուրքինա Ֆազոյի մէջ, Էսսաքանէի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մը դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքին, ինչպէս նաեւ Նաթիապոանի մզկիթին մը դէմ յարձակումին ի տես, հրաւէր ուղղելով յարգել սուրբ վայրերը ու պայքարիլ բռնութեան դէմ, խթանելով խաղաղութեան արժէքները։
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հեռագիրը յղեց Պուրքինա Ֆազոյի եւ Նիճերի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Լորան Տապիրէին արտայայտելով Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը ու անոր մօտիկութիւնը զոհերու ընտանիքներուն։ Ծիրանաւորը հուսկ մատնանշեց Նորին Սրբութեան «տխրութիւնը» իսլամ հասարակութեան դէմ գործուած յարձակումին համար։
«Քահանայապետը կ՛աղօթէ հոգիներու հանգստեան համար, զանոնք յանձնելով Աստուածային ողորմութեան ու կ՛աղօթէ նաեւ վիրաւորներու ապաքինումին համար» կը կարդանք հեռագիրին մէջ ուր նաեւ կը նշուի թէ «ատելութիւնը հակամարտութիւններուն լուծումը չէ» հուսկ հրաւէր կ՛ուղղուի «յարգելու սուրբ վայրերը» ու «խթանելու խաղաղութեան արժէքները»։
Կարդինալ Փարոլինը ապա Տիրոջմէ կը հայցէ որ «ուժ ու մխիթարութիւն շնորհէ բոլոր անոնց` որոնք թիրախ են այդ ողբերգութեան» բոլորին շնորհելով աստուածային օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ