Il Papa, vera gloria che non tramonta � fatta di dono e perdono

Նորին Սրբութիւնը յիշեց պատերազմի թատերաբեմերը, հայիթիի մէջ առեւանգուածները եւ Հռոմի մարաթոնը

Ան ապա հրաւիրեց շարունակել աղօթել պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն համար, Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Սուտանի մէջ ու «չմոռնանք Սուրիան` երկիր մը որ շատ ժամանակէ ի վեր կը տառապի մեծապէս պատերազմի պատճառաւ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Մարտի կէսօրին` իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ նշեց, թէ ինք գոհունակութեամբ իմացաւ, որ Հայիթիի մէջ ազատ արձակուած են Frères du Sacré-Cœur հաստատութեան ուսուցիչ մը եւ չորս կրօնաւորներ, որոնք այլ երկու կրօնաւորներու հետ միասին առեւանգուած էին անցեալ 23 Փետրուարին։

«Կը պահանջեմ, որ ամէնէ արագ ժամանակի մէջ ազատ արձակուին նաեւ միւս երկու կրօնաւորները եւ բոլոր անձերը որոնք տակաւին պատանդ առնուած են այդ սիրեցեալ երկիրն մէջ, որ կը տառապի բռնութիւններու պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ու ընկերային դերակատարները հրաժարելու իրենց անձնական շահերէն ու զօրակից հոգիով յանձնառու ըլլալու հասարակաց բարիքի փնտռտուքի մէջ, թիկունք կանգնելով համերաշխ անցումի մը դէպի Երկիր մը, որ աջակցութեամբ Միջազգային հասարակութեան, օժտուի ամուր հաստատութիւններով, որոնք ի վիճակի ըլլան վերականգնելու կարգուկանոնն ու անդորրութիւնը քաղաքացիներուն միջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա հրաւիրեց շարունակել աղօթել պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն համար, Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Սուտանի մէջ ու «չմոռնանք Սուրիան` երկիր մը, որ շատ ժամանակէ ի վեր կը տառապի մեծապէս պատերազմի պատճառաւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին նաեւ Հռոմի Մարաթոնի մասնակցողները, այս ուղղութեամբ ընդգծելով «Athletica Vaticana» Վատիկանեան մարզանքի ընկերակցութեան անդամներուն կամաւորական աշխատանքը ու ներգրաւումը «զօրակցութեան հանգրուաններ» ձեռնարկին, դառնալով «բաժնեկցութեան վկաները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2024, 12:43