Տիրոջ չարչարանքներու արարողութիւնը Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Աւագ հինգշաբթի օրը փակող արարողութիւնը եղաւ ոտնլուայի արարողութիւնը զոր Քահանայապետը գլխաւորեց Հռոմի Ռեպիպիա բանտէն ներս, լուալով 12 բանտարկեալ կիներուն ոտքերը, իսկ այսօր ուրբաթ 29 Մարտին, Աւագ Ուրբաթ օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը երեկոյեան ժամը 5ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի
չարչարանքներուն նուիրուած արարողութիւնը ապա երեկոյեան, ժամը 9,15 ան կը նախագահէ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին ամէն տարի տեղի ունեցած աւանդական Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը։
Յայտնենք որ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով այս արարողութեան խորհրդածութիւնները պատրաստուած են Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Արդարեւ ճանապարհ խաչի 14 կայաններուն ընկերացող խորհրդածութիւններու Քահանայապետին ընտրած բնաբանն է «Խաչի ճանապարհին վրայ Յիսուսին հետ աղօթքով», որով պիտի յիշուի Յիսուսին ուղեւորութիւնը դէպի Գողգոթայ։
Ամէն բան արդարեւ կեդրոնացած է այն ապրումին վրայ, որ կ՛ապրի Յիսուս այդ պահուն` որուն մէջ պակաս չէ տառապանքը։ Ընտրանքը այն է` այս ճանապարհ խաչին կապել Աղօթքի տարուան, զոր Քահանայապետը ընտրեց որպէս եկող Յոբելենական տարուայ պատրաստութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ