2019.04.30 San Giuseppe lavoratore

Սուրբ Յովսէփը` արդար ու հնազան մարդ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփը նկարագրած էր որպէս երազներու մարդ, լռութեան մէջ ընկերացող մարդ: Ան ըսած էր որ «Սուրբ Գիրքի մէջ սուրբ Յովսէփը կը ներկայացուի որպէս արդար, օրէնքը յարգող եւ աշխատասէր մարդ, սիրահարուած Մարիամին: Սուրբ Յովսէփ լռութեան մէջ՝ առանց դատապարտելու, առանց շատախօսելու եւ զրպարտելու, ընկերացաւ Աստուածորդւոյն, Զայն պաշտպանեց վտանգներէն, հսկեց անոր վրայ, եւ օգնեց որ մեծնայ, ու այս բոլորը կատարեց լռութեան մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

19 Մարտին համայն կաթողիկէ աշխարհը կը տօնէ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը։ Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պետրոսեան ծառայութեան սկիզբի, Քահանայապետութեան սկիզբի 11րդ տարեդարձը,

Սուրբ Յովսէփի առաջին որակումը որ կը գտնենք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ''Արդար'' որակումն է։ Մարիամի խոստացուած ամուսինը, իր նշանածի անհասկնալի յղիութեան դիմաց, չի մտածեր իր անձնական արժանապատւութեան, այլ կը մտածէ ինչպէս փրկել զինք մարդոց խիստ դատապարտումներէն ու քարկոծումէն, որուն կարող էր ենթարկուիլ։

Ան առ այս կը մտածէ Մարիամը արձակել ոչ թէ «հրապարակաւ» այլ «լռելեայն» կերպով։ Սակայն իր այդ տատամսումի ու անձկութեան պահուն Աստուած անոր կը ղրկէ իր հրեշտակը, որ կ՛ըսէ. ''Յովսէփ Դաւթի որդի, մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ. որովհետեւ անոր մէջ ծնածը Ս Հոգիէն է. պիտի ծնի որդի մը, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը մեղքերէն''։

Հնազանդ Մարդը

Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ Մարիամը, աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր, տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին։

Յովսէփին երկրորդ յատկութիւնը հնազանդութիւնն է, եւ հրեշտակը միշտ թիկունք կանգնեցաւ անոր կեանքի ուղեւորութեան դժուար պահերու ընթացքին, ինչպէս երբ ան ստիպուած եղաւ փրկել Յիսուսն ու Մարիամը փախուստ տալով Եգիպտոս։

Յիսուս բազմիցս կոչուած է Որդի Աստուծոյ, Որդի Դաւթի ու Որդի Մարդոյ, սակայն նաեւ կը մնայ Որդի Յովսէփայ, ասիկա Յովսէփին անկապտելի եւ յաւիտենական փառքն է։

Յայսմաւուրքին մէջ, Յովսէփ ներկայացուած է իբրեւ մարդ մը ''ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն. հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց եւ օժտուած ամենաբարի բնութեամբ։

Լռութեան մէջ գործող մարդ

Ոչ մէկ Աւետարանիչ կը խօսի Սուրբ Յովսէփի մասին, Յիսուսին հրապարակային կեանքի ժամանակ , շատ հաւանական է` որ Ան մահացաւ նախ քան, որ Յիսուս սկսէր իր քարոզութիւնը։ Ըստ աւանդութեան Ան մահացաւ իր մօտ ունենալով Յիսուսն ու Մարիամը եւ ասոր համար է որ Ան նկատուած է նաեւ մահամերձներու պաշտպան սուրբը, որուն կը դիմենք ու կ՛աղօթենք որպէսզի մեր կարգին այս աշխարհը ձգենք մեր մօտ ունենալով Յիսուսն ու անոր մայրը` Մարիամ։

2017-ի դեկտեմբեր 18-ին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփը նկարագրած էր որպէս երազներու մարդ, լռութեան մէջ ընկերացող մարդ: Ան ըսած էր որ «Սուրբ Գիրքի մէջ սուրբ Յովսէփը կը ներկայացուի որպէս արդար, օրէնքը յարգող եւ աշխատասէր մարդ, սիրահարուած Մարիամին: Սուրբ Յովսէփ լռութեան մէջ՝ առանց դատապարտելու, առանց շատախօսելու եւ զրպարտելու, ընկերացաւ Աստուածորդւոյն, Զայն պաշտպանեց վտանգներէն, հսկեց անոր վրայ, եւ օգնեց որ մեծնայ, ու այս բոլորը կատարեց լռութեան մէջ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2024, 07:51