Ֆրանչիսկոս Պապը Տարիէնի անտառի գաղթականներուն․ Կ’ուզէի հիմա ձեզի հետ ըլլալ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Կուզէի անձնապէս ձեզի հետը ըլլալ․․․»։ Այս յուզիչ բառերը կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Լախաս Պլանքասի գաղթականներուն ուղղած պատգամին մէջ։ Վերջին տարիներուն բազմաթիւ փախստականներ Քլոմպիայէն, Հաիթիէն, Նիքարակուայէն, Վենեզուելայէն եւ այլ երկիրներէն հասած են Փանամա, ուր տեղաւորուած են Լախաս Պլանքաս Գաղթականներու համար Ժամանակաւոր հիւրընկալութեան կայանի մէջ (Stazione di Accoglienza Temporanea per la Migrazione - ETRM)։
Վտանգները եւ բռնութիւնները
2023ին աւելի քան կէս միլիոն անձեր իրենք զիրենք վտանգելով անցած են այսպէս կոչուած «Darién Gap» անտառով՝ 265 քիլոմեթր երկարութեամբ մահացու արահետ, ուր բացի խիտ ու վայրի բուսականութեան վտանգները, ստիպուած են դիմագրաւել ոճրագործներու խմբակցութիւնները, որոնք կը կողոպտեն անոնց դրամն ու եւ վերջին ունեցածը։ Ամենէ վատը կիներու վիճակն է, որոնք յաճախակի բռնութիւններու կ’ենթարկուին։ Այդ դժոխքի մէջ վերապրածները ի վերջոյ կը հանգրուանին Լախաս Պլանքաս գաղթականներու կեդրոնին մէջ, ուր գերբնակուածութիւնը վատթարացուցած է պայմանները՝ ստեղծելով անվտանգութեան եւ առողջական խնդիրներ։
Քահանայապետի՝ աջակցութիւն խօսքերը
Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութեան եւ մխիթարութեան պատգամը ուղղուած է այդ բոլոր մարդկանց։ Ան կը գրէ․ «Պահեր եղած են, երբ անոնք առանց ոչ մէկ բանի մնացած են, նոյնիսկ անօթի, դատարկ ձեռքերով, բայց յոյսով լի սրտով», ապա կը յիշէ Փիեմոնթէէն Արժանթին իր ընտանիքի գաղթը․ «Ես նոյնպէս գաղթականներու որդի եմ, որոնք մեկնած են աւելի լաւ ապագայի փնտռտուքներով»։
Գաղթականները՝ Քրիստոսի տառապեալ մարմին
Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է եպիսկոպոսներուն եւ հովուական աշխատողներուն, որոնք «Մայր Եկեղեցւոյ դէմքն են, որ կը քալէ իր որդիներու եւ դուստրերու հետ՝ անոնց մէջ բացայայտելով Քրիստոսի դէմքը», եւ «յոյս կը բերէ գաղթականութեան ճանապարհ առ խաչին»:
Սրբազան Պապը ապա ուղղակիօրէն կը դիմէ գաղթականներուն, որ «Քրիստոսի տառապեալ մարմինը» կը դառնան, երբ «ստիպուած կը լքեն իրենց երկիրը» եւ «այլ ելք չգտնելով՝ կը դիմակայեն դժուար ճանապարհի վտանգներն ու նեղութիւնները»։
Ասկէ մեկնելով Ան ի վերջոյ կը յորդորէ անոնց. «Երբեք մի մոռնա՛ք ձեր մարդկային արժանապատուութիւնը, մի վախնա՛ք ուրիշներու աչքերուն մէջ նայելէ․ (․․․) Դուք Աստուծոյ զաւակներն էք»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ