Soldiers of Ukrainian National Guard receive training near Kharkiv

Յաղթել Պատերազմին խելագարութիւնը` շատ են մահացած երիտասարդները. Ֆրանչիսկոս

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս աղօթք խնդրեց անոնց համար, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու սարսափելի հետեւանքներուն պատճառաւ եւ պատմեց թէ իրեն նուիրած են ճակատի վրայ մահացած զինուորի մը պատկանած Վարդարան մը եւ Աւետարան մը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Յաղթել պատերազմի այս խելագարութիւնը որ միշտ ալ պարտութիւն մըն է». Յոյսն է սա` որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛արտայայտէ 13 Մարտի չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, իր Քահանայապետ ընտրութեան 11րդ տարեդարձին օրը։ Այսօր եւս ան նախընտրեց խորհրդածութեան ընթերցումը յանձնել իր համագործակիցներէն մէկուն բայց ուզեց Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղուած վերջին ողջոյնի խօսքը անձամբ կարդալ եւ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելէ ետք հիւանդներուն, տարեցներուն, նորապսակներուն ու երիտասարդներուն ան անգամ մը եւս հրաւէր ուղղեց աղօթելու այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմներու հետեւանքներէն։

«Բոլորդ կը հրաւիրեմ յանձնառութեամբ շարունակելու քառասնորդաց շրջանի ուղեւորութիւնը. Պատրաստ ըլլալով գործադրելու քրիստոնէական զօրակցութեան արարքները բոլոր այն վայերուն մէջ ուր Նախախնամութիւնը ձեզ կը կանչէ գործելու» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «Հաճեցէք, շարունակենք ջերմեռանդ աղօթքները անոնց համար, որոնք կը կրեն պատերազմի սարսափելի հետևանքները»:

Ան ապա նշեց` թէ այսօր ստացած է «Վարդարան մը եւ Աւետարան մը, որոնք կը պատկանէին ճակատի վրայ մահացած երիտասարդ զինուորի մը։ Ան կ՛աղօթէր ասոր համար։ Շատ են երիտասարդները, շատ են անոնք` որոնք կը մեռնին» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց աղօթել Տիրոջ որպէսզի մեզի պարգեւէ շնորհքը յաղթելու պատերազմի խելագարութիւնը, որ միշտ ալ պարտութիւն մըն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 11:00