Mattarella al Papa, appelli richiamano chi governa al dialogo

Իտալիոյ նախագահին շնորհաւորութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին

Նախագահ Մաթթարելլան իտալիոյ հանրապետութեան անունով բարի մաղթաքներ կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին ու այդ մաղթանքները կ՛ընդլայնէ «Զատկական մօտալուտ տօներուն առիթով, յոյսով` որ անոնք բանան յոյսի նոր հորիզոններ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գահակալութեան 11րդ տարեդարձին առիթով Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլա անոր ուղղեց պատգամ մը, որուն սկիզբը  նշեց թէ Քահանայապետին «անդադար կոչերը ուղղուած կարիքաւորներու, անտեսուածներու, հակամարտութիւններէ և բռնութիւններէ տառապող մարդոց պաշտպանութեան և խաղաղութեան, մտածումի առիթ են, անոնց` որոնք անկեղծօրէն յանձնառուն են լուծումներ որոնելու` որոնք ներշնչուած են միջազգային իրաւունքի, արդարութեան չափանիշերուն, ու իսկական հաւասարութեան սկզբունքներուն»։

Մաթթարելլան ակնարկեց ապա մեր ներկայ ժամանակներու գլխաւոր մարտահրաւէրներուն` ոչ միայն պատերազմ, այլ նաեւ ընկերային ու տնտեսական անհաւասարութեան աճում, արհեստական բանականութեան օգտագործումի բարոյական հետևանքները ու բնապահպանական վտանգները», որոնց դիմաց «հաւատացեալներ եւ անհաւատներ կոչուած են իրարու հետ քննարկելու պատշաճ պատասխաններ` մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան համար...իւրաքանչիւր ոլորտի և հանգամանքի մէջ»։

Իտալիոյ նախագահը յիշեց ապա մի քանի շաբաթներ առաջ յիշատակուած Լատերանեան դաշնագիրի 95 ամեակը եւ Հանրապետական ​​համաձայնութեան 40-րդ տարեդարձը մաղթելով` որ այս պատմական հանգրուանը աւելիով ամրապնդէ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ պտղաբեր համագործակցութիւնը եւ ասկէ մեկնելով իր խոր երախտագիտութիւնը արտայայտեց Քահանայապետին` «իտալիոյ ժողովուրդին նկատմամբ ցոյց տուած հոգատարութեան, որ վկայուած է նաեւ առաքելական ճամբորդութիւնէ` որ Սրբազան Պապը յառաջիկային պիտի կատարէ Վենետիկ, Վերոնա եւ Թրիեսթէ քաղաքներուն։

Նախագահ Մաթթարելլան առ այդ իտալիոյ հանրապետութեան անունով բարի մաղթանքներ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին ու այդ մաղթանքները ընդլայնեց «Զատկական մօտալուտ տօներուն, մաղթանքով, որ անոնք բանան յոյսի նոր հորիզոններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2024, 11:00