2023.04.06 In Coena Domini Casa Circondariale Minorile di Casal del Marmo

Քահանայապետը այս տարուայ ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Ռեպիպիայի իգական բանտին մէջ

Ոտնլուայի արարողութիւնը կը յիշատակէ Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուսին արարքը, երբ Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը անոնց պատուիրելով թէ ան որ իրենց մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է դառնայ միւսներուն ծառան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան հրատարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս տարուայ աւագ հինգշաբթի օր նախատեսուած ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Ռեպիպիայի իգական բանտին մէջ։

Արդարեւ Ան հինգշաբթի` 28 մարտի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին Ռեպիպիայի մէջ պիտի գլխաւորէ, աւագ հինգշաբթի օրուայ սուրբ պատարագը հանդիպում ունենալով նաեւ բանտարկեալ կիներուն ու բանտապահներուն հետ։

Յայտնենք թէ իր Քահանայապետ ընտրութենէն ասդին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութիւն դարձուցած է Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարել Վատիկանէն դուրս ու ընդհանրապէս բանտերու մէջ ուր յիշատակելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի պահուն կատարած հեզ ու խոնարհ արարքը իր կարգին կը լուայ 12 բանտարկեալներու ոտքերը։

Ոտնլուայի արարողութիւնը կը յիշատակէ Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուսին արարքը, երբ Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը անոնց պատուիրելով թէ ան որ իրենց մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է դառնայ միւսներուն ծառան։

Անցեալ տարի Քահանայապետը ընտրած էր արարողութիւնը կատարել Հռոմի «Casal del Marmo» անչափահասներու բանտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 14:22