Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Չխուսափինք այն անձէն որ անտեսուած է, ձրիութիւնը Աստուծոյ գումարն է

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Լատին Ամերկիոյ եկեղեցւոյ աջակող հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ կայացած հանդիպումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց 4էն 8 մարտին, Քոլոմպիայի մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ Լատին Ամերիկիոյ եկեղեցւոյ աջակցող հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ կայացած հանդիպումի մասնակիցներուն։

Ուղերձին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք հանդիպումի մասնակիցները իր խօսքը կեդրոնացուց ձրիութեան նիւթին վրայ ընդգծելով, որ Սուրբ գիրքը մեզի կը բացատրէ, թէ այն ինչ որ կու տանք, այն չէ եթէ ոչ ձրիութեամբ ստացանք, (Մատթ 10, 8)։ «Աստուած Ան է, որ կու տայ եւ մենք տնտեսներն ենք ստացած բարիքներուն, հետեւաբար պէտք չէ որ փառաւորուինք եւ ոչ ալ պահանջենք սեփական աշխատավարձի աւելի փոխհատուցում՝ խոնարհաբար ստանձնելով այն պատասխանատուութիւնը, որ կը պահանջէ մեզմէ այս պարգեւը»։ (Մատթ 25,14-30).

Նորին Սրբութիւն ապա պատասխանելով այն հարցումին, որ Յիսուս ի՞նչ բան է ,որ կու տայ մեզի նշեց ,որ Յիսուս ամէն բան տուաւ, մեզի տուաւ կեանքը, արարչագործութիւնը, միտքն ու կամքը մեր ճակատագիրին տէր դառնալու համար, կարողութիւնը իր եւ եղբայրներու հետ յարաբերութիւնը ունենալու համար։

Ձրիութեան նիւթի կապակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց նայիլ, թէ Տէրը ուր է որ կը պարգեւուի։ Ստեղծագործութենէն ի վեր Տէրը ինքզինք միշտ մեզի շնորհած է իր ձեռքերուն մէջ բռնելով մեր ցեխը, մեր մեղքը, մեր անկայունութիւնը, հաւատարիմ մնալով ՝չնայած Իսրայէլի, առաքեալներուն անհաւատարմութիւնը, իր մարմնացումով, խաչով եւ սուրբ Խորհուրդներով։

Ինչպէ՞ս եւ երբ Տէրը ինքզինք կու տայ ժողովուրդին

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Տէրը երբեք սահմաններ չդներ, հազար անգամ կը մեղանչենք, հազար անգամ մեզ կը ներէ։ Տէրը մենակութեան եւ լռութեան մէջ տապանակին մէջ կը սպասէ ,որպէսզի մենք իրեն վերադառնանք, մուրալով մեր սէրը։ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ չենք ստանար Յիսուսէն մաս մը, այլ լման Յիսուսը, մարմնով, արիւնով, հոգիով եւ Աստուածութեամբ։ Տէրը աղքատ կը դառնայ մեզի համար, Իր աղքատութեամբ մեզ հարստացնելու համար։(.2 Կորնթ 8,9)։

Նորին Սրբութիւն ուղերձը աւարտեց համառօտելով, որ ձրիութիւնը ընդօրինակել է ձեւը, որով Յիսուսի ինքզինք մեզի, ժողովուրդիս նուիրեց, միշտ եւ ամբողջական, չնայած մեր աղքատութեան եւ «այս բոլորը սիրոյ համար»։ Մեր կարգին մենք զմեզ նուիրուելով կը նմանինք Յիսուսին, որ ինքզինք նուիրեց մեզ բոլորս փրկելու համար։

Խաչը կրելը ի զուր աշխատանք չէ, միանալ է Յիսուսի առաքելութեան, աղքատներուն անոյշ պատգամ փոխանցելով, բանտարկեալներուն ազատութիւնը հռչակելով եւ կոյրերուն տեսուղութիւնը։ նշեց Սրբազան Հայրը

Ան ուղերձը աւարտեց յանձնելով հանդիպումի մասնակիցներուն  աշխատանքը Սուրբ Կոյս Մարիամին խնդրելով ,որ Տիրամայրը առաջնորդ կանգնի, այնպէս ինչպէս կատարեց Կանայի հարսանիքին, որպէսզի բոլորին Տիրոջ խոստաովանած նոր գինի հասնի։ Քահանայապետը ապա Հայեցլով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 13:15