Քահանայապետին պատգամը նուիրուած Մանուկներու Համաշխարհային Ա. Օրուան. Չմոռնանք մանկութենէ զուրկ մանուկները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 25 եւ 26 Մայիսին Հռոմի մէջ պիտի նշուի Մանուկներու Առաջին Համաշխարհային Օրը, որուն առիթով Քահանայապետը ուզեց պատգամ մը յղել մանուկներուն, որ ի լոյս ընծայուեցաւ, աբաթ 2 Մարտ 2024ին։
Սրբազան Պապը պատգամը կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր մանուկի, որովհետեւ «դուն թանկարժէք ես Աստուծոյ աչքերուն առջեւ» կը գրէ Ան, ընդգծելով նաեւ, թէ այս պատգամը «ուղղուած է բոլորին» որովհետեւ «բոլորս ալ զաւակներ եւ եղբայրներ ենք եւ ոչ մէկը գոյութիւն ունի առանց մէկու մը` որ զինք կը ծնի եւ ոչ ալ կարող է աճիլ, առանց ուրիշներու` որոնց պարգեւել սէր ու անոնցմէ սէր ընդունիլ»։
Մանուկներոը մարդկութեան ուրախութիւն
«Դուք բոլորդ, մանչ ու աղջիկներ, ձեր ծնողաց եւ ձեր ընտանիքներուն ուրախութիւնն էք եւ ուրախութիւնն էք նաեւ մարդկութեան ու Եկեղեցւոյ, ուր իւրաքանչիւրը օղակ մըն է երկար շղթայի մը … ասոր համար կը խրախուսեմ միշտ ուշադիր ըլլալու մեծահասակներու պատմածներուն ու միեւնոյն ատեն չմոռնալու անոնք` որոնք ձեր տարիքին են ու կը պայքարին ծանր հիւանդութիւններու ու դժուարութիւններու դէմ, ինչպէս անոնք` որոնք զոհ են պատերազմի ու բռնութեան, անոնք` որրոնք կը տառապին անօթութենէ եւ ծարաւէ, անոնք որոնք կ՛ապրին ճամբաներու վրայ կամ ստիպուած են զինուոր դառնալ կամ փախչիլ, որպէս փախստական, կամ անոնք որոնք` կարող չեն դպրոց յաճախել, զոհ է ոճրագործ խմբակներու, ու ամէն տեսակ ստրկութեան։ Մէկ խօսքով բոլոր այն մանուկները որոնցմէ խլուած է մանկութիւնը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։
Մտիկ ընենք մանուկներուն
«Մտիկ ըրէք անոնց, մտիկ ընենք բոլորս, որովհետեւ անոնց տառապանքը մեզի կը խօսի իրականութեան մասին» թելադրեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «մենք զմեզ ու աշխարհը նորոգելու համար հարկաւոր է նաեւ ըլլալ միացած Յիսուսին հետ` որմէ կ՛ընդունինք քաջութիւնը»։
«Յիսուս մեզի կ՛ըսէ. «Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» եւ այս խօսքերը ընտրուած են, որպէս ձեր Առաջին համաշխարհային Օրուան բնաբան։ Անոնք հրաւէր ճկուն դառնալու` երեխաներու նման, ըմբռնելու այն նորարարութիւնները, զոր Սուրբ Հոգին կը հրահրէ մեր մէջ և մեր շուրջը: Յիսուսին հետ կարող ենք երազել նոր մարդկութիւն մը եւ յանձնառու ըլլալ ի սպաս աւելի եղբայրական ընկերութեան մը համար, որ ուշադիր է հասարակաց տան ... սկսելով փոքրիկ բաներէ, ինչպէս ողջունել միւսները, ներողութիւն խնդրել, շնորհակալութիւն յայտնել։ Աշխարհը արդարեւ կը վերափոխուի փոքր բաներու միջոցաւ...եւ փոքր բաները մեզի կը յիշեցնեն թէ դիւրաբեկ ենք ու մէկը միւսին կարիքը ունինք», կը նշէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «առանձին կարելի չէ ոչ իսկ երջանիկ ըլլալ, որովհետեւ երջանկութիւնը կ՛աճի այն չափով, որ ան կը կիսուի միւսներուն հետ»։ Ան ապա կը հրաւիրէ մտածել միասին ապրելու գեղեցկութեան վրայ ու նաեւ բարեկամութեան գեղեցկութեան վրայ որ «կ՛աճի բաժնեկցութեան ու ներումի մէջ, համբերութեամբ, քաջութեամբ, ստեղծագործութեամբ ու երեւակայութեամբ, առանց վախի եւ նախապաշարումի»։
Իսկապէս ուրախ ըլլալու համար պէտք է աղօթել
Քահանայապետը հուսկ մանուկներուն կը փոխանցէ գաղտնիք մը. «Իսկապէս ուրախ ըլլալու համար պէտք է աղօթել, աղօթել շատ, ամէն օր, որովհետեւ աղօթքը մեզ անմիջական կերպով կը կապէ Աստուծոյ, մեր սիրտը կը լեցնէ լոյսով ու ջերմութեամբ ու մեզի կ՛օգնէ ամէն բան կատարելու վստահութեամբ ու անդորրութեամբ»։
«Յիսուս եւս միշտ կ՛աղօթեր իր Հօր զայն կոչելով Հայր։ Մենք ալ նոյնը ընենք» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը հուսկ խնդրեց մանուկներէն լաւապէս պատրաստուիլ Հռոմի ժամադրութեան, աղօթելով Յիսուսին մեզի սորվեցուցած աղօթքը Հայր մերը։
«Յիսուս մեզ կը կոչէ ու կ՛ուզէ, որ մենք ալ Իր հետ դերակատարներ ըլլանք այդ համաշխարհային օրուան ընթացքին, ըլլան« նոր աշխարհի մը կառուցողները, աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի խաղաղ աշխարհի մը...Ան կ՛ուզէ, որ իր գործը շարունակուի մեր միջոցաւ...Աստուած մեր կը սիրէ ի սկզբանէ...Ան երբեք մեզ չի մոռնար եւ ամէն օր մեզի կ՛ընկերանայ իր Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին` մանուկներուն առաջարկելով աղօթք մը, ուղղուած Սուրբ Հոգիին`
Եկ Սուրբ Հոգի
ցոյց տուր մեզի քո գեղեցկութիւնդ
արտացոլուած երկրագունդի աղջիկներու ու տղաներու դէմքերուն մէջ
Եկուր Յիսուս,
որ ամէն բան նոր կը դարձնես, դուն` որ ճանապարհն ես, որ կը տանի դէպի Հայրը,
Եկուր եւ մեր հետ մնացիր։ Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ